ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք, «Գոլոս Արմէնի»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները լրջօրէն անհանգիստ են Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցած բռնութիւններուն պատճառով:
Ըստ անոր՝ նման միջադէպեր ուղղակիօրէն կը վնասեն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն:
«Մենք կը նախատեսենք շուտով այցելել տարածաշրջան եւ բոլոր կողմերուն հետ բանակցութիւններ վարել, ինչպէս նաեւ՝ նախագահներուն հետ», ըսած է Ուորլիք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.