ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 27 Յունուարի առաւօտուն, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի «Անի» պարախումբի միաւորի ներկայացուցիչներուն՝ պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեանի ու Սիւզի Դարբինեան-Բարսեղեանի, միաւորի վաչութեան անդամներ Նուարդ Չալեանի եւ Սեդա Գոնիալեան-Ֆրունճեանի:
«Անի»ի ներկայացուցիչները առաջնորդարան եկած էին շնորհակալութիւն յայտնելու առաջնորդին, որ ներկայ եղած էր պարախումբի 40ամեակի ելոյթին, ինչպէս նաեւ խնդրամատոյց եղած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, որպէսզի շքանշանով պատուէ երկու արուեստագէտները: Անոնք սրբազանէն խնդրեցին իրենց երախտագիտութիւնը փոխանցել վեհափառ հայրապետին:
Առաջնորդը այս առիթով անգամ մը եւս գնահատեց «Անի» պարախումբը, պարուսոյցներն ու անոնց նուիրեալ գործակիցները, նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ ՀՅԴ 124ամեակի տօնակատարութեան օրը պարախումբին ներկայացուցած «Սարդարապատ» պարային պատկերին մասին՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Հիւր ներկայացուցիչները յուշանուէր մը յանձնեցին առաջնորդին, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր զօրակցութեան ի տես:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.