ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ազնուափայլ դուստրերը, հարիւր վաթսուն եւ հինգ տարիներ առաջ ունեցած են փայլուն հեռանկարը եւ գեղեցիկ տեսլականը կազմակերպելու հայուհին եւ ի սպաս դնելու հայ իգական սեռի բնատուր ձիրքերն ու տաղանդները՝ Աստուծոյ ծառայութեան դաշտին մէջ, եւ անոր ընդմէջէն՝ նուիրուելու հայ ազգի զաւակներու դաստիարակութեան սուրբ գործին։
Վերջին յիսնամեակին, Անարատ Յղութեան միաբանութիւնը իր համաշխարհային վարժարաններու ցանցով մուտք գործեց նաեւ ԱՄՆի նորահաստատ հայկական գաղութները, որոնցմէ երրորդը եւ նորագոյնը հանդիսացաւ երեք տասնամեակներ առաջ հաստատուած Կլենտէյլի Հայ Քոյրերու վարժարանը (ՀՔՎ), որ հիմնադրուեցաւ ի գին քոյր Հռիփսիմէ Չիւֆթելեանի մեծ զոհողութիւններուն եւ այս գործին հանդէպ անոր ունեցած հաւատքի զօրութեան։
Արդար էր, որ Կիրակի, Յունուար 25ին, Կլենտէյլի «Փալատիօ» սրահին մէջ, աւելի քան 350 հոգիի ներկայութեամբ տօնակատարուի վարժարանի հիմնադրութեան երեսնամեակը, դրուատելու համար եղած բոլոր իրագործումներն ու իրերայաջորդ նուաճումները եւ շարունակելու համար նուիրական երթը։
Ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանի, որ այս յատուկ առիթով ժամանած էր Հռոմէն։ Ներկայ էին նաեւ Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Անտոն վարդապետ Նորատունկեանը եւ Թովմաս վարդապետ Կարապետեանը, վարժարանէս ներս ցարդ ծառայող անձնուրաց քոյրեր՝ տնօրէնուհի քոյր Լուսիա, քոյր Ակիւլինէ Թերզեան, քոյր Գայիանէ Թասլագեան, պետական անձնաւորութիւններ, բարերարներ, հիւրեր, նախկին եւ ներկայ ուսուցիչներ, ծնողներ, շրջանաւարտներ եւ աշակերտներ։
Երեկոն ունէր գեղարուեստական յայտագիր՝ մասնակցութեամբ շրջանաւարտ աշակերտներու եւ Համազգայինի «Նայիրի» պարային միաւորին՝ ղեկավարութեամբ Գաթրին Հայրապետեանի։
Յայտագիրի գործադրութիւնը սկսաւ ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ Տէրունական աղօթքով, ապա՝ ամերիկեան, հայկական եւ վարժարանի քայլերգներով, կատարողութեամբ 2013ի շրջանաւարտներ Թալիա Սողոմոնեանի եւ Սթեֆընի Քիլէճեանի։ Օրուան հանդիսավարներն էին շրջանաւարտներ իրաւաբան Հայկ Գազանճեան եւ Սեւան Շերիքեան, որոնք օրուան առիթը պատշաճ կերպով ողջունելէ ետք՝ բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ բեմ հրաւիրեցին առաջին հերթին մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանը, որ անցեալին հինգ տարիներ վարած էր վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը եւ ցարդ կը շարունակէ իր իմաստուն խորհուրդներով մօտէն հետեւիլ վարժարանի կեանքին։
Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեանը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ այս տարին կը զուգադիպի միաբանութեան հիմնադրութեան 165ամեակին եւ համապարփակ կերպով ներկայացուց միաբանութեան պատմականը՝ վեր առնելով անոր առանցքային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Իր խօսքի աւարտին, ան մաղթեց, որ քոյրերու ծառայական կեանքի օրինակը խթան հանդիսանայ ամէն հայուհիի եւ ներշնչէ զայն նուիրուելու հայ ազգի զաւակներու դաստիարակութեան նուիրական աշխատանքին։
Վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Լուսիան երախտագիտութեամբ ողջունեց ներկաները, որոնք այս նուիրական պահուն շրջապատած էին ՀՔՎի մեծ ընտանիքը՝ բաժնեկից դառնալով անոր ուրախութեան, ապա մաղթեց վարժարանին յարատեւութիւն, որպէսզի լուսատու փարոսի նման շարունակէ լուսաւորել հայ պատանիի ու երիտասարդի մատղաշ միտքը։ Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ կանգնող բոլոր հայորդիներուն, որոնք հաւատք ունին հայ վարժարանի հայակերտման եւ հայապահպանման սուրբ գործին հանդէպ՝ յոյս յայտնելով, որ միշտ կ՛ունենանք այդ ազնիւ հայորդիներու զօրակցութիւնը։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Նայիրի» պարախումբի խանդավառ ներկայացումով։ Ճաշկերոյթ-տօնակատարութեան պաշտօնական խօսքերը շարունակուեցան վարժարանի խորհրդատու մարմինի ատենապետ տոքթ. Նշան Օտապաշեանի ելոյթով։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ վարժարանի նոր ծրագիրին՝ փակ մարզադաշտի շինարարութեան ընթացքին վրայ, եւ խրախուսեց ծնողները, որ իրենց համագործակցութեամբ իրականացած տեսնեն զայն։
Այս ելոյթին յաջորդեց ՀՔՎի 2000 տարեշրջանի շրջանաւարտ իրաւաբան Պարոյր Երէցեանի խօսքը, որ իր դպրոցական հին օրերը վերականգնող պատումներով, սրահէն ներս գտնուող նախկին ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հոգիներուն մէջ յուզիչ զգացումներ, երբեմն ալ ժպիտ ու խնդուք յառաջացուց։
Պարախումբին կողմէ գեղարուեստական հաճելի ներկայացումէ մը ետք, վարժարանի քարտուղարուհի Արմինէ Շերիքեան, մայր Եւտոքսիայի եւ քոյր Լուսիայի ընկերակցութեամբ, բեմ հրաւիրեց բոլոր պաշտօնական անձնաւորութիւնները եւ ներկայացուց Քալիֆորնիոյ նահանգի պատկան մարմիններու հետեւեալ ներկայացուցիչներէն ստացուած վկայագիրները. Dianne Feinstein, Adam B. Schiff, Eric Garcetti, Michael D. Antonovich, Gavin Newsom, Robbyn Battles, Zareh Sinanyan, Carol Liu եւ Harry Leon։
Յիշենք, որ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ շրջեցաւ սեղանները եւ մօտէն ծանօթացաւ վարժարանի ընտանիքին, ապա իր պաշտօնական խօսքն ու զգացումները փոխանցեց։ Խօսք առին նաեւ հանդիսութեան ներկայ գտնուող պաշտօնական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, որոնք երախ-տագիտական խօսքեր արտայայտեցին ՀՔՎին, գաղութիս կրթական կեանքէն ներս անոր տարած շնորհակալ ծառայութեան համար։
Ներկայ ուսուցիչները, ընկերակցութեամբ մայր Եւտոքսեա Քէշիշեանի եւ ներկայ գտնուող բոլոր մայրապետներուն, հատեցին երեսնամեակի կարկանդակը՝ ուրախութիւնն ու տօնակատարութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին։
Օրհնութեան խօսք արտասանեց հայր Անտոն Նորատունկեան։ Ան նախ օրհնեց սեղանները, ապա մեծ դրուատիքով խօսեցաւ Անարատ Յղութեան միաբանութեան անձնուէր հայ քոյրերուն մասին՝ յատկապէս կեդրոնանալով երեսուն տարիներ առաջ երկու անձնուէր մայրապետներու ջանքերով հիմնադրուած Լոս Անճելըսի ՀՔՎին ու անոր երեսուն տարիներու ուղեւորութեան վրայ եւ շնորհաւորելով երեսուն տարիներ ամբողջ իրենց լուման չզլացող նուիրեալները։
Հանդիսութեան պաշտօնական յայտագիրը աւարտելէ ետք, երեկոն շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր՝ բեմահարթակ բերելով բոլոր ներկաները։
Հայ Քոյրերու վարժարանի երեսնամեակը տօնակատարել՝ կը նշանակէ նոր սկիզբ, նոր յանձնառութիւններ, նոր մարտահրաւէրներ։
Շնորհաւո՛ր, Հայ Քոյրերու վարժարանի ընտանիք։
Բարի երթ եւ կանաչ ճանապարհ՝ դէպի նոր «Արշալոյսներ»։