Երեկոյեան ժամը 7ին Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն: Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան: Արարողութեանց աւարտին, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց տօնին յատուկ շարականներ եւ ազգային երգեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.