Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հայոց լեզուի բոլոր այն դասատուներուն, որոնք համագործակցեցան՝ թատերական փառատօնը յաջողութեամբ պսակելու: Վարձքը կատա՛ր բոլորին:
Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբի անդամ-անդամուհիները այցելեցին մեր հայկական վարժարանները եւ բացառիկ տպաւորութիւն քաղեցին գաղութի հայկական վարժարաններու, հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային ոգիին մասին: Անոնց հիացումի առանցքը կը կազմէին հայ աշակերտներու դրսեւորումներն ու հայրենասիրութեամբ ջրդեղուած հարցազրոյցները: Մերտինեան Աւետարանական վարժարանէն փոքր աշակերտ մը ըսած էր, թէ ինք ամէն գնով կ՛ուզէ իրականացած տեսնել Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդար հատուցումը: Այսպէս, տարբեր վարժարաններու մէջ, անոնք ականատես եղան թատերական կարճ ելոյթներու եւ քաջալերեցին դեռատի դերասանները, որոնց ապագան խոստմնալից էր այս ասպարէզէն ներս:
Արհեստավարժ ու մասնագէտ դերակատարները անջնջելի տպաւորութիւններ ձգեցին աշակերտներու միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: Այս եւ նման այցելութիւններ կրնան ամբողջ կեանք մը յամենալ անոնց յիշողութիւններուն մէջ ու ներշնչման աղբիւր հանդիսանալ իրենց յառաջընթացին մէջ:
Աշակերտական ելոյթները ընթացան տօնական մթնոլորտի մէջ: Որքա՛ն ոգեւորիչ էր անոնց մուտքը դիտել. անոնց անձկագին սպասումը զուսպ, բայց խայտանքի ցուցանիշ էր: Կրտսեր աշակերտ մը այնքա՛ն խանդավառուած էր, որ թատրոն մուտքին ուղղուած էր առաջին շարքը տեղաւորուելու: Երբ զինք զգուշացուցած էին, թէ այդտեղը իրեն վերապահուած չէր, ան անդրդուելի մնացած էր՝ ըսելով. «Ուսուցչուհիս մեզի խօսեցաւ թատրոնին մասին, եւ ես հոս պիտի նստիմ, որ լա՛ւ դիտեմ, որովհետեւ կեանքիս մէջ առաջին անգամն է որ թատրոն կու գամ»… Անոնց խանդավառ քրքիջներն ու ներգործօն մասնակցութիւնը անմոռանալի եւ անփոխարինելի երանութեան վայելքներ էին: Այս բոլորը պիտի նպաստէին հայ ինքնութեան արմատաւորման, արտադպրոցական հայկական գործունէութեան, ազգային հպարտութեան եւ հեքիաթային աշխարհի ծանօթ կարգ մը տիպարներու կենդանի պատկեր-ներկայացման:
Համազգային Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը ամէն ջանք թափած էր՝ բեմական արուեստի միջոցաւ հայ լեզուն հնչեցնելու, զայն աւելի հաճելի դարձնելով դպրոցական տարիքի աշակերտութեան, որպէսզի երիտասարդ սերունդը կարենայ ո՛չ միայն պահել այս աւանդը, այլ հայ մշակոյթի ջահը փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:
Թող մեր սքանչելի եւ ոսկեղնիկ հայոց լեզուն գեղեցկօրէն հնչէ թատերաբեմերուն վրայ, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, եւ մի՛շտ ապրի մեր դարաւոր հայ մշակոյթը նորահաս սերունդներու կենցաղին մէջ, իբրեւ յաւիտենական ժառանգ:
Թատերական փառատօնի յանձնախումբի ճիգերը արդարացած էին:
Ստորեւ՝ մասնակից վարժարաններուն անունները.
Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարան, Հայ Քոյրերու Վարժարան, Արշակ Տիգրանեան Վարժարան, Ազգային Ֆերահեան Վարժարան, Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարան, Մերտինեան Աւետարանական Վարժարան, Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան, Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան, Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարան, Վահան Եւ Անոյշ Շամլեան Ազգ. Վարժարան, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան, Յովսէփեան Վարժարան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ