
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման առթիւ, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը կարգ մը ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպէ այս տարի, յարգանքի տուրք մատուցանելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն անմեղ հայորդիներու յիշատակին:
Ստորեւ՝ ուխտագնացութիւններու ժամանակացոյցը.
ՄԱՐՏ 13-16՝ ԴԷՊԻ ՄԵՔՍԻՔՕ ՍԻԹԻ, ՄԵՔՍԻՔԱ
Օգոստոս 25-29, 2014ին, առաջնորդը Մեքսիքօ Սիթի կատարած իր հովուական երկրորդ այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի ընկերակցութեամբ պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Մեքսիքօ Սիթիի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ կարտինալ Նորպերթօ Ռիվերա Քորերայի: Կարտինալը, ընդառաջելով առաջնորդի եւ դեսպանի հրաւէրին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ եւ իր հովանաւորութեամբ Կաթողիկէ Մայր տաճարին մէջ պիտի կազմակերպէ միջեկեղեցական արարողութիւն:
ԱՊՐԻԼ 13-25՝ ԴԷՊԻ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, ուխտաւորները պիտի մասնակցին ծրագրուած ոգեկոչման ձեռնարկներուն եւ նահատակներու սրբադասման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ:
ՄԱՅԻՍ 6-10՝ ԴԷՊԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ
Սոյն ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն մասնակցելու համար:
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 17էն ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1՝ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ,
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
2015ի այս վերջին ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է դէպի Հայաստան, ներկայ գտնուելու համար Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ եւ եպիսկոպոսաց դասուն մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան: Ուխտաւորները պիտի այցելեն նաեւ Արցախ:
Մանրամասնութեանց համար, հեռաձայնել Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան՝ (818) 558-7474 թիւով։
Թեմին կազմակերպած ուխտագնացութեանց ընդհանուր պատասխանատու նշանակուած է Սանթա Քլարիթա հովիտի Ս. Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանը: Տէր հօր հետ կապ հաստատելու համար, հաճեցէք հեռաձայնել (661) 505-7260 կամ (818) 235-6003 թիւերուն։