ՆԻՒՀՈԼ.- Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Կիրակի, Փետրուար 1ին, հովուական այցելութիւն շնորհեց Սանթա Քլարիթա հովիտի Սուրբ Սարգիս Հայց. եկեղեցւոյ, ուր Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց: Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներով: Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան եւ սարկաւագները, իսկ առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ դոկտ. Արի սրկ. Տեմիրալի, ներդաշնակ կերպով կատարեց պատարագի երգեցողութիւնը:
Պատարագի ընթացքին, սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ ատեանը, ուր տէր հօր եւ սարկաւագներու մասնակցութեամբ կատարեց խճանկարի, սրբապատկերներու եւ խաչքարերու օծումը:
Սրբազանը իր պատգամին մէջ բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ունեցած քրիստոնէական ոգին եւ յանձնառութիւնը՝ պահպանելու քրիստոնէական արժէքները հայ ընտանիքին: Ան շեշտեց, թէ ծուխի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի հոգեւոր առաջնորդութեամբ ու Ծխական խորհուրդի եւ յարակից կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, Ս. Սարգիս եկեղեցին կը շարունակէ բարգաւաճիլ:
Սրբազան հօր ոգեւորիչ հոգեւոր պատգամէն ետք, հաւատացեալները միաբերան արտասանեցին «Հայր Մեր»ը:
Եկեղեցւոյ օծման հինգերորդ տարեդարձի բացառիկ այս առիթով, տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էր «Մատաղի Օր» եւ պատրաստած էր համեղ ճաշեր, որոնք պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ զարդարուած սրահին մէջ սպասարկուեցան հաւատացեալներուն:
Եկեղեցւոյ օծման հինգերորդ տարեդարձի եւ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Յունուար 31ին, առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը: Հանդիսավարներն էին՝ Էլիզապէթ Ապաճեան, Յակոբ Գուրեան եւ Քրիսթին Վահրամեան: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց Ս. Էջմիածինէն հիւրաբար թեմը այցելող Մուշեղ եպս. Պապայեանին եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանէն թեմը այցելող Բագրատ վրդ. Պերճէքեանին: Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճորճ Գարայեան ողջունեց հիւրերը եւ նշեց անոնց շարունակական աջակցութիւնը: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պայծառութեան համար իրենց մատուցած ծառայութեանց ակնարկելով:
Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան անդրադարձաւ 2004էն սկսեալ ծուխի գլխաւոր իրագործումներուն՝ շեշտելով, որ ծուխի կարճ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ յաջողութիւններ արձանագրուած են: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին՝ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Առաջնորդը իր գնահատանքը յայտնեց տէր հօր, Ծխական խորհուրդին, տիկնանց միութեան եւ յարակից կազմակերպութիւններուն՝ իրենց մատուցած անձնուէր ծառայութիւններուն համար, ու քաջալերեց ծխականները վերանորոգուած ուխտով ծառայելու Քրիստոսի: Առ ի գնահատութիւն հոգեւոր հովիւին մատուցած ծառայութիւններուն, սրբազանը սրբապատկեր մը նուիրեց Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանին:
«Հայաստան» պարային համոյթը, ղեկավարութեամբ Արման եւ Նայիրա Վարդանեանի, հեզաճկուն պարերով հաճոյք պատճառեց հանդիսականներուն, իսկ յայտագիրի ընթացքին երգիչներ «Mister X» եւ Գէորգ Չաքմանեան, ինչպէս նաեւ պարախումբի անդամներու «Duo Loparevi»ին, խանդավառութիւն եւ ջերմութիւն ստեղծեցին սրահէն ներս:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.stsarkisscv.org կայքը, կամ հեռաձայնել (661) 505-7260 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.