Նախարարը շնորհաւորած է դեսպանը՝ Հայաստանի մէջ ստանձնած իր դիւանագիտական պաշտօնին համար եւ մաղթած, որ միացեալ արդիւնաւէտ աշխատանքով կարելի կ՛ըլլայ առաւել եւս ընդարձակել հայ-ամերիկեան պաշտպանական համագործակցութեան շրջագիծը։
Դեսպան Միլզ իր կարգին նշած է, որ ամերիկեան կողմը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացման աշխոյժ ընթացքին պահպանումը, եւ յոյս յայտնած, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին այս իմաստով աւելի յառաջընթաց կ՛արձանագրուի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.