
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հալէպի մասնաճիւղի Մարտիրոս Սարեանի անուան ակադեմիոյ հիմնադրութեան 60ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին ընթացքին ակադեմիոյ ղեկավար, նկարիչ Հրազդան Թոքմաճեան դիտել տուած է, որ ականներու եւ ռումբերու տակ Հալէպի տագնապալի օրերը պատկերող սուրիահայ երեխաները պիտի ըլլան նոր Սուրիան կերտողները: «Հալէպ. տագնապալի օրեր» խորագիրով եռօրեայ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ եւ կը ներկայացնէ ակադեմիոյ սաներուն 32 աշխատանքները: «Երբ Հալէպէն պիտի գայի Հայաստան, աշակերտներս՝ 10-12, 14 տարեկան երեխաներ, մօտեցան ինծի եւ ըսին. «Պարոն, Աստուած ձեզի հետ, անփորձանք տեղ հասնիք»: Աստուած նախ իրենց հետ պէտք է ըլլայ, քանի որ փորձանքի մէջ են: Արեւմտահայերու հինգերորդ սերունդն է, որ Ցեղասպանութենէն ետք կրկին կը գտնուի արհաւիրքի մէջ: Ես միշտ հիացումով կը մտածեմ անոնց ծնողներուն մասին, որոնց համար ամէնօրեայ գերխնդիրն է հաց ու ջուր ապահովել իրենց երեխաներուն, որպէսզի անոնք կոկիկ հագուին, մաքուր գան ակադեմիա եւ նկարչութեամբ զբաղին: Այն երեխաները, որոնք այսօր այս նկարները գծած են, բարեկամական արաբ ժողովուրդին հետ պիտի ըլլան նոր Սուրիան կերտողները», հաստատած է Հրազդան Թոքմաճեան:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որուն համաձայն, սուրիահայ երեխաներուն աշխատանքները անգամ մը եւս կը վկայեն հայուն ստեղծագործ եւ արարող էութեան մասին: «Հոգիդ ալեկոծւում է այս նկարները նայելիս: Եւ երկու զգացում է առաջանում. առաջին, որ այս երեխաներն իրենց վրայ ընկնող ռումբերի, կրակի եւ ցաւի մէջ կարողանում են ստեղծագործել, նկարել եւ իրենց հոգու ճիչն ու ապրումներն արտայայտել: Եւ երկրորդը, որ, իսկապէս, մեզ հնարաւոր չէ կտրել մեր էութիւնից, քանզի հայը ինչպիսի պայմաններում էլ եղել է, միեւնոյն է, որ շարունակել է ստեղծագործել ու արարել», ըսած է նախարարը՝ աւելցնելով. «Երբ պատմում էին, 1915 թուականին Տէր Զօրի անապատներում մեր մայրերը «այբ, բեն, գիմ» են սովորեցրել երեխաներին, դա անհաւանական էր թւում: Սիրիայում պատերազմի արհաւիրքների մէջ ապրող սիրիահայ երեխաների այս աշխատանքները գալիս են վկայելու մեր ազգի լինելութեան եւ յաւերժութեան մասին»: Գնահատելով Սուրիոյ հայ համայնքի կեանքին մէջ եւ հայապահպանութեան իմաստով Հրազդան Թոքմաճեանի ներդրած ջանքերը՝ Հրանոյշ Յակոբեան ուսուցիչը պարգեւատրած է «Արշիլ Կորքի»ի մետալով, իսկ ակադեմիոյ սաները՝ նախարարութեան պատուոյ գիրով: Նախարար Յակոբեան նաեւ նշած է, որ այդ երիտասարդ նկարիչներուն մէջ կը տեսնէ ապագայ Սարեաններն ու Այվազովսքիները: Հրազդան Թոքմաճեան խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է նախարարին՝ իրեն տրուած պարգեւին համար: