ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տարբեր տարիքի եւ տարբեր սեռի մարդոց համար, լացի բնոյթը կամ պատճառը փոփոխութիւններ կը կրէ: Այսպէս, նորածին երեխաներուն լացը շատ յստակ երեք պատճառներ կ՛ունենայ: Առաջինը անօթութիւնն է, երկրորդը բնական պէտքի հետեւանքով տակը թաց ըլլալը, իսկ երրորդը՝ որեւիցէ անհանգստութիւն կամ հիւանդութիւն:
Իգական սեռի պարագային դարձեալ, ոմանց կարծիքով յստակ պատճառներ գոյութիւն ունին անոնց լացը բացատրող: Ոմանք նոյնիսկ «կանացի զէնք» անուանած են լացը իգական սեռի պարագային, իբրեւ թէ «տկար սեռը» ցոյց տալու համար իգականները: Թերեւս ոմանք մեզի հետ հակառակին աւանդական այս տեսակէտին, որովհետեւ ազդեցիկ ու հզօր կանանց օրինակները սակաւ չեն այսօրուան ընկերութեան կեանքի գրեթէ բոլոր մակարդակներուն վրայ, մինչեւ երկրի գերագոյն ղեկավարի դիրքը: Իսկ ի՞նչ ըսել այն եկեղեցիներուն, որոնք մինչեւ եպիսկոպոսութեան բարձրագոյն աստիճանը շնորհեցին կանանց, քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւանդութեան աքացի տալով, ինչպէս նաեւ հրոյ ճարակ դարձնելով Հայրերու գրականութեամբ աւանդուած առաքելահիմն կանոնները:
Այսքան «իրաւասութիւն»ներուն դիմաց, ակնկալելի էր, որ կանանց լացը դադրէր, սակայն ի դերեւ ելան շատերուն յոյսերը: Նոյն տգէտ մտայնութիւնը շարունակուեցաւ, եւ լացը դեռ եւս կը յամենայ մնալ ուժեղ զէնք մը, հաւասարապէս՝ զարգացած եւ տգէտ բազմաթիւ կանանց ձեռքերուն մէջ:
Լալու երեւոյթին մասին խօսած ժամանակ, չենք կրնար անտեսել նաեւ ժողովուրդի խօսակցական լեզուին վրայ յաճախ լղորճուող այն գաղափարը, որ կապ ունի իրենց անձը միշտ տկար ու խեղճ, անճար ու չքաւոր ներկայացնելու ունակութեան հետ: Այս սովորութիւնը երբեմն սերունդէ սերունդ փոխանցուող եւ արեան հետ երակներուն մէջէն հոսող վարժութիւն է: Լալկան հօր մը զաւակը շատ քիչ պարագաներու առատաձեռն եղած է: Միւս կողմէ, իր չքաւորութեան մէջ իսկ հպարտ մարդուն զաւակը, մեծահարուստ կարծուած է շրջապատին մէջ, որովհետեւ բնաւ չէ զգացուցած իր բարեկամներուն, թէ աղքատ է ու նոյնիսկ կարիքաւոր:
Աղքատութենէ բարձրացած ու հարստացած մարդիկ երբեմն անզգալաբար վախի կը մատնուին, որովհետեւ թշուառութեան օրերը բնաւ չե՛ն ջնջուիր իրենց միտքի գրատախտակէն: Անոնք միշտ մտավախութեամբ կ՛անցընեն իրենց կեանքին օրերը, միշտ կարծելով, թէ պիտի յանկարծ սպառի այն մեծ հարստութիւնը, զոր այնքան դժուարութեամբ դիզեցին: Անսուաղութեան օրերու սարսափը անջնջելի կնիք կը թողու իրենց հոգիին վրայ, եւ բնաւ չեն հրաժարիր յաւելեալ գումարներ ապահովութեան համար մէկ կողմ դնելու մտադրութենէն, իբրեւ «անձրեւային օրեր»ուն օգտագործելի գումար:
Մարդու մը լացի ժամը երբ յայտնի չէ, կը նշանակէ թէ ան իսկական լալկան է: Երբ առիթով մը մեծահարուստ բարեկամ մը աղքատներ գտնելու եւ անոնց օգելու համար բարձրաձայն հարց տուաւ շուրջը գտնուողներուն՝ ըսելով, թէ «Զո՞վ կը ճանչնաք ձեր շրջապատին մէջ, որ իսկապէս կարիքաւոր է», շուրջը գտնուողներէն մէկը առանց վարանելու ըսաւ.
_ Ես ամէնէն աղքատն եմ:
Եթէ իսկապէս ալ կարիքաւոր անձ էր ան, պէտք չէր յայտարարէր բոլորի ներկայութեան, թէ ինք պէտք ունի օժանդակութեան: Սա այնպիսի ունակութեան մը արմատը կը նետէ մարդուն մէջ, որուն հետեւանքով ան կը սկսի ի ժամու եւ ի տարաժամու իր կարիքաւոր ըլլալը յայտարարել, կամ՝ այլ բացատրութեամբ՝ լալ:
Լացն ալ իր ձայնային ելեւէջները ունի, ու շուտով ի յայտ կու գայ անոր տեսակը: Երբ տանջալից պայմաններու մէջ մարդ լայ, անոր ձայնին աստիճանաչափէն զգալի կ՛ըլլայ նաեւ ֆիզիքական ցաւը, զոր ան կը կրէ այդ պահուն: Եթէ սուգի, տրտմութեան կամ վիշտի լաց է, դարձեալ մարդու հեկեկոցէն զգալի կը դառնայ այդ լացին իւրայատկութիւնը: Երբեմն ուրախութեան արցունքներու խառնուած լացն ալ շուտով զանազանելի կ՛ըլլայ այլ լացերէն: Մէկ խօսքով ամէն առիթով թափուած արցունք եթէ նոյնքան աղի է, սակայն ամէն լաց նոյնը չէ՛, որովհետեւ լալու առիթները կը տարբերին իրարմէ:
Կեղծ լացերու մասին ալ կարելի է խօսիլ այս առիթով: Անոնց բնաւ ականջ չտալու համար, վախազդու կոկորդիլոսներուն լացը օրինակ կը բերուի յաճախ: Մանկան լացի ձայն հանող այս յօշոտող երկակենցաղները, ճահիճներու ցեխերուն մէջ իրենց անհարթ կռնակը մեխած, երեխայի լալագին ձայնով իրենց մօտ «կը հրաւիրեն» խղճամիտ անցորդները, ու յանկարծ շրջուելով կը յարձակին անոնց վրայ, իրենց հսկայ կլափին մէջ բռնելով նոյնիսկ չափահաս մարդիկը:
Կեղծ լացով իր բարեկամներուն դիմող մարդոց համար կը տրուի այս օրինակը յաճախ, որոնք մնայուն կերպով պարտական կը մնան իրենց բարեկամներուն: Անոնք լացակումած մօտեցումով մեծ թէ փոքր գումարներ պարտք կը վերցնեն, նոյնիսկ եթէ կարիքը չունին այդ դրամին, պարզապէս ցոյց տալու համար, թէ դրամ չունին… Սակայն, եթէ իսկութեան մէջ տեսնէք զիրենք, կոկորդոլոսի նման այնքան հզօր են կարողութեամբ, որ կրնան իրենց դրամ փոխ տուած ընկերը «դրամով յօշոտել» ու «լափել»:
Մի՛ հաւատար այն լացին, որ ո՛չ օր ունի, ո՛չ ալ ժամ: Ատիկա պարզապէս սովորութենական լաց է, վարժութեան խնդիր է, բնաւորութեան մաս կազմող ունակութիւն է, արմատաւորուած վատ վարքագիծ է:
Լացը պէտք է պահել իր բարձրութեան վրայ: Միշտ լացող մարդուն աչքի գեղձերը այլեւս արցունք չեն արտադրեր, այլ միայն լացի ձայն դուրս կու գայ իրենց կոկորդէն: Մինչ եթէ սուգի ու վիշտի համար պահուի լացը, կամ խոր յուզումներու պարագային արտայայտուի անիկա, շատ աւելի յատուկ, արժէքաւոր ու իմաստալից կը դառնայ:
«Ես ամէնէն աղքատն եմ» ըսելու պէտք չ՛ունենար մարդ, երբ ճիշդ ժամուն ու ատենին լայ: Իսկ եթէ միշտ լայ՝ իր չքաւորութեան ու կարիքին ականջ տուող չի՛ գտնուիր: