ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
«Այս տարի Ապրիլ 24ին, դպրոցը փակ պիտի չըլլայ, այդ օրը բոլոր աշակերտները եւ ուսուցիչները առաւօտեան ժամը 8ին դպրոց պիտի գան, ապա բոլորս միասին, անխտիր, պիտի մասնակցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Արդարութեան քայլարշաւին: Որեւէ բացակայութիւն ներելի պիտի չըլլայ այդ օրը: Այդ օրը պիտի դառնայ ազգային պահանջատիրութեան օր»: Այս էր հրամայականն ու խորհուրդը, զոր տնօրէն Ժան Գոսագեան փոխանցեց աշակերտութեան, Վարդանանց Դիւցազնամարտի տօնախմբութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 11ին, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, ուր միջնակարգի եւ երկրորդական դասարանի աշակերտները հաւաքուած էին տօնախմբելու մեր դիւցազնամարտերու հերոսներուն յիշատակը եւ անգամ մը եւս հաղորդուելու անոնց պատգամով եւ յաւերժացած խորհուրդով:
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները պատրաստած էին կոկիկ յայտագիր մը, որ սկսաւ 12րդ դասարանէն Էնթընի Աւագեանի բացման խօսքով: Խօսելով պատմութենէն՝ ան նշեց, որ Փետրուար ամիսը կ՛ընդգրկէ Վարդանանց պատերազմի, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ Արցախի հերոսամարտի տարեդարձները: Այս իրադարձութիւնները կարեւորագոյն անկիւնադարձներ հանդիսացած են մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ անոնց պարագային, հայ ժողովուրդը մղած է ճակատագրական պատերազմներ՝ նպատակ ունենալով Հայաստանի անկախութիւնն ու ազատութիւնը:
Նոյն խօսքը անգլերէն լեզուով փոխանցեց կրկին 12րդ դասարանէն Վան Տէր Մկրտիչեանը: Ապա յաջորդաբար գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը:
Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Մենք Քաջ Վարդանի Տոհմէն Ենք» երգախառն պատկերը, որմէ ետք, 6րդ դասարանէն Նարօտ Արիսեան մեներգեց «Լեռներ Հայրենի»ն: 7րդ կարգէն Նանօր Սէրայտարեան եւ Մարք Քէօսեան արտասանեցին «Վարդանանց»ը: Ապա, յաջորդաբար 8րդ կարգէն Անի Քէօշկէրեան արտասանեց «Քաջն Վարդան Մամիկոնեան», իսկ Սեւուլիկ Պասթիլեան՝ «Վարդանի Ճառը»: 9րդ կարգի աշակերտներ Ալեքսա Միքայէլեան, Սարօ Քերսոյեան եւ Արմանտ Մնացականեան արտասանեցին «Սպարապետ Մամիկոնեան»ը: Յաջորդեց խմբերգ՝ «Աղբերս ու Ես», կատարողութեամբ՝ 10րդ դասարանի աշակերտներուն, որմէ ետք «Մեզ Մի՛ Խառնէք» ասմունքը՝ 11րդ դասարանէն Արմէն Ամինի եւ Դալար Մինասեանի կողմէ: Գեղարուեստական վերջին բաժինով հանդէս եկան աւարտական դասարանի աշակերտները՝ «Մենք ենք մեր սարերը» հայկական ոգեւորիչ պարով:
Տնօրէն Ժան Գոսագեան, իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց, որ հակառակ անոր, որ մենք հերոսներ շատ ունեցած ենք, իւրաքանչիւր աշակերտ եւ իւրաքանչիւր ուսուցիչ եւս հերոս է: Ան ըսաւ. «Ազգային Ֆերահեան վարժարանը հերոսներ կը պատրաստէ, որովհետեւ ամէն օր դուք պարտաճանաչ կերպով դաս կը սորվիք, իսկ ուսումը ձեզի պիտի ծառայէ մեծ դիրքեր նուաճելու, առ այդ՝ ապագային հայ ժողովուրդին ծառայելու»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ տնօրէնը աւելցուց. «Կեանքի մէջ բախտաւորութիւն է կողքիդ ունենալ ընկերներ, որոնք դպրոցի մէջ փոքր տարիքէն սկսած եւ շարունակաբար, նոյնիսկ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, կողքիդ մնացած են: Ազգային Ֆերահեան վարժարանը այդ է, զոր կը սորվեցնէ աշակերտներուն. յաւիտեան մնալ հաւատարիմ ընկերներ, ընտանիք կերտելէ ետք շարունակել բարեկամութիւնը եւ ընտանիքներով միասնաբար ծառայել հայ գաղութին»:
Իր խօսքի աւարտին, ան ըսաւ. «Հերոսութիւնը յաղթանակի կամ պարտութեան մէջ չէ, այլ՝ նպատակներու իրականացման մէջ. հերոսութիւնը միայն Աւարայր, Սարդարապատ, Արցախ եւ հերոսամարտեր չէ, այլ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ, օտար շրջանակներու մէջ հայերէն սորվիլն ու հայութիւնը պահպանելն է»:
Տնօրէնի խրախուսիչ խօսքերը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին աշակերտութեան մօտ, որ բարձրաձայն ծափահարութիւններով աւարտեց օրուան տօնախմբութիւնը:
Յիշեցնենք, որ սրահի չորս կողմերը զետեղուած էին աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած պաստառներ, որոնք կը ներկայացնէին հայոց պատմութեան զանազան ժամանակաշրջաններ, հերոսական դրուագներ ու դէմքեր: Սոյն պաստառներու ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր վարժարանի Հայկական բաժանմունքին կողմէ, իբրեւ Հայոց պատմութէան օրուան ծրագիրի մէկ մաս: