Աշխատանքային ճաշի սեղանի շուրջ կայացած հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է աւանդական դարձած այսպիսի անմիջական կապերն ու միտքերու փոխանակումը:
Նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ բարձր գնահատած է ԵԱՀԿի դերակատարութիւնը եւ ներուժը Եւրոպական անվտանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման իմաստով: Սերժ Սարգսեանի համաձայն՝ ԵԱՀԿը կը մնայ որպէս համաեւրոպական կարեւոր հարթակ մարդու իրաւունքներու, ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական-բնապահպանական բնագաւառներուն մէջ առկայ խնդիրներու բարձրաձայնման ու քննարկման համար:
Այս պարունակին մէջ նախագահը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին՝ ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու աշխոյժ դերակատարութեան պահպանումը խիստ կարեւոր է ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն եւ մեր անմիջական տարածաշրջանին, այլ նաեւ ամբողջ Եւրոպայի անվտանգութեան համար: Նախագահ Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած է տարբեր առիթներով բազմիցս հրապարակուած Հայաստանի այն դիրքորոշումը, ըստ որուն՝ «միջազգային իրաւունքի եւ Հելսինքիի եզրափակիչ ակտի սկզբունքները չեն կարող կամայականօրէն մեկնաբանուել, եւ դրանցից որեւէ մէկը չի կարող գերակայող լինել միւսի նկատմամբ»:
Նախագահը ներկայացուցած է Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ նախորդ տարի կայացած բանակցային գործընթացը, այս հանգրուանին առկայ մտահոգութիւններն ու խնդիրները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտեցումները ստեղծուած իրավիճակին մէջ առկայ խնդիրներու լուծման հնարաւոր ուղիներու վերաբերեալ:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով այս տարի կայանալիք նախաձեռնութիւններուն, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման խորհուրդին, միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, խաղաղութեան ու կայունութեան սպառնացող համընդհանուր վտանգներուն, Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելէ ետք Հայաստանի տնտեսական զարգացման նոր կարելիութիւններուն, Եւրամիութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան խորացման հեռանկարին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, որոնց կարգին՝ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին:
Վերոնշեալ նիւթերուն շուրջ կատարուած է միտքերու փոխանակում։
Հանրապետութեան նախագահը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.