
«Արուեստագէտներ խաղաղութեան համար»ի եւ «Էֆ.Էմ.Էս. Միտիա»ի ջանքերով ներկայացուած է երաժշտական նոր նախագիծ մը՝ «The Final Game» («Վերջին Խաղ») անունով, մասնակցութեամբ ամերիկահայ յայնտի դերասան Քեն Դաւիթեանի: Տեսահոլովակը պիտի դառնայ «Ո՛չ ցեղամոլութեան» միջազգային քարոզարշաւին մէկ մասնիկը, որուն նպատակն է փոխել համաշխարհային պատկերացումները եւ մարդոց վերաբերմունքը՝ կոչ ընելով հանդուրժողականութեան, բարութեան եւ խաղաղութեան:
Տարի մը առաջ, երբ ֆութպոլի «Պարսելոնա» խումբի մարզիկ Տենի Ալվեզին վրայ պանան նետուեցաւ, վերջինս՝ զայրանալու փոխարէն՝ պանանը կերաւ խաղին ընթացքին եւ շարունակեց մրցումը: «The Final Game» տեսահոլովակը ֆուպթոլի այս խաղին միջոցով կը դատապարտէ ցեղապաշտութինը։ Երգի աւարտին, համաշխարհային ճանչցուած եւ սիրուած տարբեր երգիչներ, ինչպէս՝ Սթիւի Ուանտըր, Չաքա Քան, Ժոսլին Պերօարը եւ ուրիշներ, իրենց ուղերձներով խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կոչ ընելով՝ կը միանան ցեղամոլութեան դէմ պայքարին:
Երգը (http://youtu.be/v5TA4z6oxvw) նուիրուած է «Արուեստագէտներ խաղաղութեան համար» կազմակերպութեան հիմնադիր, ՀՀ վաստակաւոր արտուեստագէտ Ֆլորա Մարտիրոսեանի յիշատակին: