ՈՒԵՍՏՈՒՈՒՏ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի «Ֆաուլըր» գրադարանին, Չորեքշաբթի, Մարտ 11ին, կէսօրուան ժամը 12ին, համալսարանի «Եանկ» ուսումնասիրական գրադարանի հայկական եւ յունական բաժանմունքներու գրադարանապետ Ծիա Այվազեան պիտի խօսի համալսարանի գրադարանին մէջ պահուող Ուիլըեմ Սաչթելպենի արխիւներուն մասին։
Այդ արխիւներուն մէջ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կան 1895ին Սաչթելպենի դէպի Էրզրում կատարած այցելութեան մասին, ուր ան ականատես եղած էր Հոկտեմբեր 30ին տեղի ունեցած հայերու ջարդերուն։ Սաչթելպեն հեծանիւով շրջագայած է Պատմական Հայաստանի զանազան շրջանները՝ մօտէն ծանօթանալով հայերու, թուրքերու եւ քիւրտերու, միաժամանակ գրի առնելով իր տպաւորութիւնները։
«Ֆաուլըր» գրադարանի ամենամօտիկ կանգառը թիւ 4ն է։ Մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.fowler.ucla.edu կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.