ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի հարցով Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) զեկուցող Ռապըրթ Ուոլթըր Մարտ 12-13ին պիտի այցելէ Ատրպէյճան. այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը։
Կը նշուի նաեւ, որ Ուոլթըր իր այս այցելութեան արդիւնքներուն հիման վրայ հանդէս պիտի գայ Լեռնային Ղարաբաղի մասին զեկոյցով մը:
Հանդիպումներ ծրագրուած են Ատրպէյճանի նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին, ինչպէս նաեւ՝ արդարադատութեան եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.