ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Ճան Քերի եւ Լորան Ֆապիւս, միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեցին, որ Իրանի հետ վերջինիս հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած է յառաջդիմութիւն՝ նշելով, որ իրենց երկիրները Իրանի հետ հաստատ համաձայնութեան մը գոյացումը կ՛ուզեն:
Քերի ըսաւ. «Գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ, եւ յառաջիկայ օրերուն մեր նպատակը այդ տարակարծութիւնները լուծելն է: Մենք կը զգանք, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու հրատապ հրամայական մը գոյութիւն ունի: Աւելի՛ն, պէտք է յարմար համաձայնութիւն գոյացնենք, իսկ Իրանին կը մնայ աշխարհին երաշխաւորել, որ իր ծրագիրը իր ըսածին նման խաղաղ բնոյթ ունի»:
Ֆապիւս նշեց, թէ «պէտք չէ գոյացնել համաձայնութիւն մը, որ Իրանին կ՛արտօնէ հիւլէական զէնքեր ձեռք բերել»՝ աւելցնելով. «Պէտք է համաձայնագիրի գործադրութեան համար Իրանին մէկ տարուան պայմանաժամ տալ»:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Մարտ 8ին յայտարարեց. «Բանակցութեանց սեղանէն պիտի հեռանանք, եթէ կարելի չըլլայ Իրանի հետ գոյացնել համաձայնութիւն մը, որուն միջոցով կարելի ըլլայ հաստատել անոր հիւլէական ծրագիրի բնոյթը: Պիտի չաջակցինք Իրանի հետ համաձայնութեան մը, որ կրնայ վտանգել Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութիւնը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.