ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ-ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Փրոֆ. Մելքոնեան աշակերտութեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ջաւախքահայութեան անմիջական կարիքներուն, հայոց մշակութային արժէքներուն եւ հայութիւնը յուզող այլ նիւթերու մասին, իր բացառիկ հաղորդական ոճով, որ կրցաւ գրաւել ամերիկահայ պատանին:
Խօսելով Հայ գիրերու գիւտին մասին՝ փրոֆ. Մելքոնեան ըսաւ. «Մեր տառերը ունին Աստուածային ծնունդ», եւ նշեց, թէ ի տարբերութիւն աշխարհի միւս ազգերէն, հայերը աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուները առանց առոգանութեան կրնան խօսիլ՝ տրուած ըլլալով, որ հայերէն լեզուն շատ հարուստ լեզու է, որովհետեւ մեր Այբուբենը կատարեալ է: Ան խօսեցաւ նաեւ Վահան Թէքէեանի մասին՝ ներկայացնելով անոր աշխատանքները ի նպաստ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանրապետութեան, ու յիշեցուց, թէ Թէքէեան մեր ժողովուրդին պարգեւած է հայոց եկեղեցւոյ նուիրուած լաւագոյն բանաստեղծութիւնը՝ «Եկեղեցին Հայկական»ը: Դասախօսը ապա ընդգծեց, թէ մենք ունինք հզօր Սփիւռք, որ սարսափ կը պատճառէ Ատրպէյճանին եւ Վրաստանին: «Դուք բնաւ ճնշուած չզգաք, որ դուք հա՛յ էք», աւելցուց պատմաբանը՝ շեշտելով կարեւորութիւնը հայ զգալուն:
Փրոֆ. Մելքոնեանի ներշնչող խօսքերը մեծ տպաւորութիւն ձգեցին աշակերտութեան վրայ: Անոնք ամենայն լրջութեամբ կը հետեւէին դասախօսի լուսաբանութիւններուն եւ կը փորձէին պատասխաններ գտնել անոր տուած հարցումներուն:
Իր խօսքը աւարտելէ առաջ, պատմաբանը յորդորեց պատրաստ ըլլալ Ապրիլ 24ին՝ պահանջատէր ըլլալով հայոց իրաւունքներուն եւ փորձելով արթնցնել հայուն «Ես»ը. ան խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Դուք մեծ Հայաստանը ստեղծելու առաքելութիւնն ունիք»: