Նամակին մէջ հայերը ներկայացուցած են այն սարսափելի իրադարձութիւնները, որոնք կատարուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, այն յանցագործութիւնները, որոնք կատարած է Աթաթուրքը հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներուն դէմ: «2015 թուականը կ՛առանձնանայ ոչ միայն Կալիփոլիի ճակատամարտով, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակով եւ շատ կարեւոր է, որ պատմական այս ժամանակաշրջանը ներկայացնելու ատեն փաստերն ու իրադարձութիւնները չխեղաթիւրուին: Այն ժամանակ, երբ Աւստրալիոյ զինուորները խիզախօրէն կը պայքարէին դաշանակիցներու բանակին մէջ, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, որ յետագային դարձաւ գերմանական նացիոնալիզմի եւ Ատոլֆ Հիթլերի կուռքը, Օսմանեան կայսրութիւնը զտեց ազգային փոքրամասնութիւններէ: Եթէ յուշարձանը պիտի տեղադրուի անոր թողած ժառանգութիւնը պատուելու համար, ապա անոր թողած ժառանգութիւնը բռնաբարութիւններն են, մարդասպանութիւնը, բռնատիրութիւնը, էթնիկ զտումներն ու ցեղասպանութիւնը: Բացի այն, որ այդ յուշարձանը կը վիրաւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, անիկա նաեւ ամօթն է աւստրիալիական ուժերուն, որոնք իրենց վերջնական կործանումը գտան Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին»:
ՀՅԴ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի ղեկավար Վաչէ Ղահրամեան իր հիասթափութիւնը յայտնած է, որ Նոր Ուէյլզի իշխանութիւնները չեն խորհրդակցած Աւստրալիոյ հայ համայնքին հետ նման կարեւոր որոշում ընդունելէ առաջ: «Որպէս աւստրալացիներ, մենք կը հասկնանք Կալիփոլիի ճակատամարտի կարեւորութիւնը Աւստրալիոյ համար, սակայն ինքնակոչ բռնատէր Աթաթուրքը պէտք չէ Աւստրալիոյ մէջ ընկալուի որպէսզի Կալիփոլիի հերոսականութեան խորհրդանիշ», յայտնեց Ղահրամանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.