Ձեռնարկին ներկայ էին ծերակուտական Լիւք Քարվանաս, երեսփոխան եւ պատուոյ քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ:
Յատուկ ուշադրութիւն տրուած էր լոյսերու խաղին եւ բեմականացման:
«Փարիզում «Նայիրի» հնգեակի հետ, Հայկ Դաւթեանի ղեկավարութեամբ ունեցայ հրաշալի համերգ, որ նուիրուած էր Ցեղասպանութեան տարելիցին: Հրաշալի ֆրանսացի եւ հայ երաժիշտներ, հոյակապ փրոֆեսիոնալ համերգասրահ, հրաշալի կատարում եւ ջերմ հանդիսատես: Այս պահերը յաճախ չեն լինում», յայտնեց Աննա Մայիլեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.