ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ «Արփա» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին եւ «Ամերիքըն Սինեմաթեք»ի, Երկուշաբթի, Ապրիլ 13ին, հռչակաւոր «Իճիփշըն» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «1915 The Movie» շարժապատկերին անդրանիկ ներկայացումը Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Ֆիլմի բեմագիրներն ու բեմադրիչն են են Կարին Յովհաննէսեան եւ Ալեք Մուհիպեան, իսկ Սերժ Թանքեան հեղինակն է անոր երաժշտութեան։ Գլխաւոր դերերը ստանձնած են Սիմոն Աբգարեան, Անժէլա Սարաֆեան, Սեմ Փէյճ եւ Նիքոլայ Քինսքի։
Ապրիլ 17ին ֆիլմը պիտի սկսի ցուցադրուելու այլ սրահներու մէջ։
Ֆիլմին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.1915themovie.com կայքը, իսկ անոր անդրանիկ ցուցադրութեան համար՝ www.arpafilmfestival.com կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.