ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շաբաթ, Փետրուար 28ի երեկոյեան, «Signature» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 6րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ աւելի քան 300 ազգայիններու: Առաջնորդին կողքին ներկայ էին թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ՝ գաղութին մէջ գործող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը սկսաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգով, կատարողութեամբ Սօսի Մարտիրոսեանի: Օրուան հանդիսավարն էր Պաղտիկ Էքմէքճեան, որ բարի գալստեան եւ շնորհակալութեան խօսքեր արտասանելէ ետք՝ հրաւիրեց հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանը, որպէսզի սեղաններու օրհնութիւնը կատարէ, ինչպէս նաեւ իր սրտի խօսքը փոխանցէ:
Տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ հովանաւորութիւնը շնորհած էր սոյն ձեռնարկին եւ անձնապէս ներկայ գտնուած էր՝ քաջալերելու եկեղեցւոյ ծխական համայնքը: Տէր հայրը իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հոգաբարձութեան կատարած աշխատանքին վրայ՝ նշելով, որ հոգաբարձութիւնը իր կարելին կ՛ընէ համայնքը սեփական եկեղեցիով մը օժտելու համար. ան շեշտեց, որ այս աշխատանքին պէտք է աջակցին գաղութի բոլոր զաւակները, որովհետեւ եկեղեցին պիտի ըլլայ բոլորին հաւաքական տունը եւ ապագայ սերունդի հայապահպանման կեդրոնը:
Ընթացքին գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը. ելոյթ ունեցան «Լիլիա» պարախումբի պատանիները, որոնք 4 հայկական տոհմիկ պարերով խանդավառեցին օրուան մթնոլորտը՝ խլելով ներկաներու ծափերը: Մեներգներով ելոյթ ունեցաւ Սօսի Մարտիրոսեան:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որպէսզի իր օրհնութեան պատգամը փոխանցէ: Ան շնորհաւորեց ծխական համայնքը, ողջունեց եկեղեցւոյ տարեդարձը եւ գնահատեց հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ եկեղեցւոյ յարակից մարմինները, իրենց աշխատանքին եւ ծառայութեան համար: Սրբազանը մասնաւորաբար շեշտեց, թէ 6 տարիներ առաջ, Նորթ Հոլիվուտի համայնքը իր հոգեւոր տունը հաստատեց եւ այժմ պէտք է աշխատանք տանի կերտելու քարաշէն եկեղեցին, որպէսզի մենք ունենանք մեր սրբազան արարողութիւնները, մեր սեփական եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբազան հօր խօսքի աւարտին, կտրուեցաւ 6րդ տարեդարձի կարկանդակը:
Խանդավառուած մթնոլորտէն՝ ներկաները սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարեցին, իսկ գոյացած գումարը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ հիմնադրամին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.