Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, որ առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած՝ «Սարգիս Պօղոսեան Հիմնադրամ»ի հասոյթէն 2014-2015 տարեշրջանին համար, ութ հազար չորս հարիւր ($8400) տոլարի յատկացում կատարուեցաւ ազգային վարժարաններուն եւ Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան համագաղութային վարժարանին։ Իւրաքանչիւր վարժարան ստացաւ հազար երկու հարիւր ($1200) տոլարի գումար մը։
Այս հիմադրամը հաստատուած է հանգուցեալ բարերար Սարգիս Պօղոսեանի կողմէ, ի յիշատակ իր կնոջ ու զաւակներուն։ Բարերարի փափաքին համաձայն, հիմնադրամի դրամատնային հասոյթէն հաւասար կերպով յատկացումներ կը կատարուին մեր վարժարաններուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.