ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
19 Մայիս 1292:
Կիպրոսի մէջ վերագտայ խաղաղութիւն, հեռու՝ Սուրբ Երկրի մէջ տիրող պատերազմներէն, նիզակներու, սուրերու շառաչիւններէն եւ հոգեվարքի հռնդիւններէն, որոնք Աքրաքաղաքի պաշարման օրերուն կու գային ժողովուրդը ցնորել: Սակայն, զիս հիւրասիրող Հենրի թագաւորի պալատին մէջ, որուն դահլիճները զարդարուած են գոթական ջահերու տակ փայլող «ֆրեսկօ»ներով եւ որմագորգերով, բոլորը կը գիտակցին, թէ Արեւելեան Միջերկրականը յղի է նոր աւերներու եւ արիւնահոսութիւններու:
– Պարոն Ստուգաբանութիւն, էշերը պատրաստ են,- խօսողը երիտասարդ աբեղայ մըն է, որուն հետ պիտի ճամբորդեմ La Belle Paix աբբայութիւնը,- ճամբան հինգ- վեց ժամ կը տեւէ, մայրամուտէն առաջ կարենանք հասնիլ:
Դեպի հիւսիս՝ Կիրենիա լեռնաշղթան կը զմայլէ զիս, ինչպէս նաեւ ուղեկցիս, որ Ֆլորենցիայէն ճամբայ ելած ու խաչակրաց նաւերով եկած է կղզի:
– Արեւելքի մռայլ լուրերը կասկած չկայ կը հասնին ձեզի: Բայց դուք Իտալիոյ մէջ բոլորովին տարբեր մթնոլորտ կը շնչէք:
– Ճիշդ է, լուսաւոր շրջան մը կ՛ապրինք. քաղաքները կը հարստանան, գիտութիւնը, գեղարուեստը աննախընթաց արագութեամբ կը զարգանան: Կրնամ ըսել, թէ Եւրոպան «Վերածնունդի» մը երկունքին մէջ է:
– Հայր Վասիլին ուզեր էք տեսնել:
– Այո, քահանան Սիսէն եկաւ, Սուրբ Կարապետ եկեղեցիէն: Անոր պիտի յանձնեմ շատ կարեւոր գործիք մը, «lens»: Ֆլորենցիայի ապակեգործ գիտնականներուն նոր գիւտն է. կիսագունտ ապակի, խոշորացոյց մը, որ մեր վանական հայրերուն սկսած է օգնելու մանրանկարչութեան մէջ:
– Lens… այսինքն, լատիներէն «ոսպ»:
– Այդպէս ենք անուանած, որովհետեւ ոսպի մը կորնթարդ տեսքը ունի: Իսկ ֆրանկները անոր «lentille» անունը կու տան: «Lens»ը նոր չէ աշխարհին. նորութիւն է՝ զայն աչքի վրայ դնելը:
– Մինչդեռ, հին յոյները զայն կը գործածէին կրակ վառելու կամ թշնամի նաւեր հրկիզելու համար:
La Belle Paix-ն նստած է լերան լանջը, Buffavento բերդի ապահով շուքին տակ, արաբ ծովահէններու թալանի սպառնալիքէն հեռու: Շարժական կամուրջ մը անցնելով կը մտնենք վանական համալիր, ուր կան Լուսինեան թագաւորներու գերեզմաններ:
Հայր Վասիլը մեզ կը դիմաւորէ ու կ՛առաջնորդէ սեղանատուն, որուն ճակատաքարին վրայ քանդակուած են Կիպրոսի, Երուսաղէմի եւ Լուսինեաններու զինանշանները:
Հիւսիսային պատի վեց պատուհաններէն կը տեսնուին Հայկական Կիլիկիան եւ Տաւրոսեան լեռները, մինչ արեւելեան պատի գունաւոր վարդապակին կը ստեղծէ լոյսի հիասքանչ խաղեր:
– Աստուած օգնական, հայր սուրբ:
– Աստուած պահապան: Բարի էք եկեր:
– Ձեռագիրէն ի՞նչ լուր, հայր սուրբ:
– Թորոս իշխանին պատուէրն է, քիչ-քիչ կը վերջանայ, 338 էջերու ընդօրինակութիւնը ամբողջացուցի: Աստուծոյ կամքով կը վերջացնեմ գլխազարդերը, զարդագիր սկզբնատառերը եւ լուսանցքային մանրանկարները: Բայց հին աչքերս չեն…
– Հայր սուրբ, ասիկա ձեզի՛, Հենրի թագաւորին նուէրն է:
– Հրա՜շք է ասիկա:
***
Օր մը վերջ հրաժեշտ կու տանք Վասիլ վանականին: Վերադարձի ճամբան է.
– Կասկած չունիմ, թէ այս հրաշքը շուտով Հայաստան ալ կը հասնի, պարոն Ստուգաբանութիւն: Հոն ի՞նչ անուն կ՛առնէ կը կարծէք:
– «Ոսպն» բառը մեր մօտ ունի բազմաթիւ տարբերակներ, ինչպէս զէյթունցիներու «եուսբ»ը: Ուստի, եթէ «lens»ը Կիլիկիոյ ճամբով տարածուի, բառը հաւանաբար ըլլայ «եուսբնեակ»: Մինչդեռ, Սուետիոյ մէջ բառը «վըսբ» է, Վանի մէջ՝ «վոսփ», Սեբաստիոյ մէջ՝ «վեսբ», Ագուլիսի մէջ՝ «ուսբ», իսկ աւելի արեւելք, Արցախի մէջ՝ «վըեսպ»: Ուստի, ձեր «lens»ը կրնայ կոչուիլ «վըսբնեակ», «վոսփնեակ», «վեսբնեակ», «ուսբնեակ», նոյնիսկ՝ «վըեսպնեակ»: Իսկ եթէ դասական բառը յաղթէ բոլորին, այն ատեն՝ «ոսպնեակ»:
– Ամէն պարագայի, գեղեցիկ է տեսնել, թէ անիկա պիտի օգնէ վարդապետի ծերացող աչքերուն:
– Գեղեցիկ է նաեւ ականատես ըլլալ բառի մը ծնունդին, կամ արդեօք պէ՞տք է ըսել՝ «Ոսպի վերածնունդին»:
Յ.Գ.- Վասիլ վանականի ձեռագրած Աւետարանը այժմ պահուած է ԱՄՆի «Harvard» համալսարանի «Houghton» գրադարանի հաւաքածոյին մէջ, թիւ՝ MS-Arm 3: