
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գրեթէ մէկ տարի անցած է այն տխուր օրէն, երբ վաղամեռիկ Լուսի Ասատուրեանի անշնչացած մարմինը յանձնեցինք ցուրտ հողին՝ խոր սուգի մատնելով իր պատանի դուստրը, ծնողքը, եղբայրն ու բոլոր հարազատները։
Անոր մահուան վիշտը սակայն աւելիով պատած էր Հալիվուտի «Ժոզէֆ Լը Քոն»չ միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու բովանդակ աշակերտութիւնը։ Անոնք մօտէն հետեւած էին Լուսիի քաջաբար մղած պայքարին՝ մահուան դէմ, երբ անողոք հիւանդութիւնը խլեց զինք իրենցմէ եւ վերջապէս յաջողեցաւ տապալել զայն՝ անմխիթար ձգելով բոլորը, անխտի՛ր։
Իբրեւ օգնական տնօրէն՝ ես բախտաւորութիւնը ունեցած եմ Լուսի Ասատուրեանը ճանչնալու որպէս ուսուցիչ եւ 16 տարի գործակցելու անոր հետ։ Ան վրաս թողած էր այն տպաւորութիւնը, որ ոչ թէ միայն գիտէր իր աշակերտներուն սիրել տալ Անգլերէն լեզուն եւ գրականութիւնը, այլեւ կրցած էր քաջալերել զանոնք, որ իրենց մեկնաբանութիւններով վերլուծէին դասին հետ առնչուած բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր ու գրական այլ ժանրերու յօդուածներ։
44 գարուններ հազիւ բոլորած՝ մեր բոլորին սիրելի եւ յարգելի Լուսի Ասատուրեանը յաւիտենական կերպով հեռացաւ այս աշխարհէն։ Սակայն որպէս անգլերէն լեզուի նուիրուած ուսուցչուհի եւ իր աշակերտներուն յաջողութեամբ մտահոգ դաստիարակ՝ ան իր ետին թողուց անմոռանալի ժառանգ մը, որ շատ քիչերուն բաժին կը դառնայ անցողական այս աշխարհին մէջ։
Իսկ յաւերժացնելու համար Լուսի Ասատուրեանի յիշատակը՝ որպէս գերազանց ուսուցչուհի, «Լը Քոն»չ միջնակարգ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը ծրագրած են յիշատակի երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2015ի երեկոյեան ժամը 4ին, վարժարանի գրադարանին մէջ։ Կարելի է յիշել նաեւ, որ Մարտ ամիսը կը զուգադիպի Լուսիի ծննդան տարեդարձին։
Աւելին եւ իսկապէս տպաւորիչը՝ հանդիսութեան աւարտին, ուսուցչական կազմը պիտի տնկէ ծառ մը դպրոցի տարածքին վրայ, ուր պիտի զետեղուի նաեւ Լուսիի անունը կրող եւ երախտագիտական զգացումներ յայտնող յիշատակի քար մը։ Իսկ հանդիսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Զինք բոլոր ճանչցողներն ու յիշատակը յարգողները սիրով հրաւիրուած են։
Բի՜ւր յարգանք իր յիշատակին եւ խունկ ու աղօթք իր թարմ շիրիմին։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։