Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին հրաւէրով, վերջերս, իր կնոջ՝ Լուսինէի հետ, 10օրեայ աշխատանքային այցով շրջանս կը գտնուէր հայրենի պատմաբան, Ջաւախքի ծնունդ եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններու հեղինակ ակադեմիկոս փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը: Ան հրաւիրուած էր յատկապէս ներկայ գտնուելու «Ջաւախք» հիմնադրամի տարեկան ձեռնարկին, ուր եւ հրապարակային այլ ձեռնարկներու ընթացքին պիտի զեկուցէր Ջաւախքի անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին:
Մելքոնեան զոյգի Լոս Անճելըս ժամանումը բարի գալուստի յատուկ ձեռնարկով մը նշուեցաւ Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015ի երեկոյեան ժամը 7ին, տէր եւ տիկին Խորէն եւ Էմմա Սալմասեաններու բնակարանին մէջ, ուր հայրենի հիւրը ծանօթացաւ շրջանի ՀՕՄի մեծ ընտանիքին:
Իր կեցութեան ընթացքին, ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ, փրոֆ. Մելքոնեան առիթ ունեցաւ այցելելու տեղւոյն հայկական հաստատութիւններ, վարժարաններ, ու հանդիպումներ ունեցաւ պատկան մարմիններու եւ քոյր միութիւններու հետ:
1 ՄԱՐՏԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Փրոֆեսէօրին առաջին հրապարակային ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Մարտ 2015ին, Electra «Eternity» զբօսանաւուն վրայ, ի նպաստ ջաւախքահայութեան կազմակերպուած տարեկան հանգանակային ձեռնարկին: Հոն էին շրջանի պատկան մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի նուիրատուներ, հովանաւորներ, ՀՕՄի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ, անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Պօղոս աբղ. Տինկճեան, որ նաեւ ընթերցեց առաջնորդ հօր օրհնութեան գիրը:
«ՀՕՄի հոգատար ձեռքը կը հասնի հոն, ուր հայը կարիք ունի. ՀՕՄը հոգածու եղած է ու կը մնայ հայ որբին, կարօտեալ ընտանիքին, ուսանողին ու տարեցին… Իսկ այս տարի, երբ 100րդ անգամ ըլլալով կը յիշատակենք մեր պատմութեան մեծագոյն աղէտը՝ Ցեղասպանութիւնն ու հայկական հողերու կորուստը, Ջաւախքի կարիքները յատուկ կարեւորութիւն կը զգենուն, որովհետեւ Ջաւախքը անբաժանելի մէկ մասնիկն է մեր անժամանցելի իրաւունքներուն ու պահանջներուն», ըսուած էր առաջնորդ հօր օրհնագիրին մէջ:
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց եւ օրուան պաշտօնական հիւրերը ներկայացուց ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Ջաւախքի մէջ յանձնախումբին տարած գործունէութեանց, որոնց մէջ ակնյայտ են երիտասարդական կեդրոնները, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած են վրացահայութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ: Իսկ անդրադառնալով Ջաւախքի անմիջական պահանջներուն՝ Պօզոյեան շեշտեց Ախալցխայի մէջ հայկական մանկապարտէզ մը բանալու հրամայականը, որպէսզի հայ մանուկը փոքր տարիքէն սորվի մայրենի լեզուն եւ հայոց պատմութիւնը:
Պօզոյեան ապա հրաւիրեց յանձնախումբի երկար տարիներու նախկին ատենապետուհի Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրը, փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը: «Ջաւախքին ծառայելը, Ջաւախքի հայապահպանման հարցի հետեւողական գործը շարունակելը մեր արեան պարտականութիւնն է», ըսաւ Քոհլըր եւ բացատրութիւններ տուաւ 14 տարի առաջ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան թելադրանքով կեանքի կոչուած այս յանձնախումբին մասին, որուն առաջին յանձնախումբի 3 անդամները եղած են ինք եւ վաստակաշատ ՀՕՄուհիներ Յասմիկ Տէրտէրեանն ու Մաքօ Մկրտիչեանը:
Ապա, ցուցադրուեցաւ Ջաւախքի Կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսաերիզ մը, որ ամփոփ գիծերու մէջ կը ներկայացնէր Ջաւախքի մէջ կատարուող յանձնախումբի աշխատանքները:
Այնուհետեւ, Պօզոյեան ներկայացուց օրուան հիւր դասախօսը, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ: Հաստատելով, թէ «Ջաւախքը այլեւս մոռացուած անկիւն չէ»՝ փրոֆ. Մելքոնեան հեռաւոր Քալիֆորնիոյ հայութիւնը նկարագրեց իբրեւ «Ջաւախքի սրտամօտ, Ջաւախքի համար ապրող, ջաւախքցի մի հասարակութիւն, որի համար իմ խոնարհումն եմ բերում ձեր բոլորին»: Ան իր համոզումը յայտնեց՝ ըսելով. «Մեր մեծ հայրենիքից այսօր մի կտորը ետ ենք բերել, որը հայաբնակ է: Արցախ աշխարհը փաստացի մեր Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ մասն է: Մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնից դուրս, այսօր ունենք միայն մի տարածաշրջան, որ շարունակում է մնալ հայրենիք եւ հայաբնակ. դա Ջաւա՛խքն է»։
Ապա անդրադառնալով «Համահայկական մտածողութեան» կազմաւորման կարեւորութեան՝ հիւր դասախօսը մէջբերեց բազմաթիւ օրինակները ֆէտայիներու, որոնք մոռնալով իրենց ծննդավայր՝ Փոքրիկ Հայրենիքը, կը կռուէին Մեծ Հայրենիքին համար: Իսկ խօսքը ուղղելով իրենց փոքրիկ հայրենիքներէն զրկուած եւ օտար ափերուն յայտնուած հայութեան՝ ըսաւ. «Բայց եթէ մենք այստեղ ենք, ապա հոգու, սրտի պարտքը ունենք: Մենք իւրաքանչիւրս ազգին տալիք ունենք, մենք իւրաքանչիւրս առաքելութիւն ունենք, մենք ամէնքս յիշողութիւն ունենք, որ եթէ չենք կարողանում կեանքի կոչել, հայրենիք ազատագրել այսօր, խօսքը մեծ հայրենիքի՝ Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մասին է, ապա յիշողութիւնը պիտի փոխանցենք մեր սերունդներին»:
Խօսելով æաւախքի ժողովուրդի հոգեկանին մասին, Մելքոնեան փոխանցեց, թէ «այսօր հպարտ ջաւախքեցին, աւելի շատ հոգեղէն եւ հոգեւոր օգնութեան կարիքը ունի, ո՛չ այնքան նիւթականի: Այդ նիւթականը, որ այստեղ ձեւաւորւում եւ հասնում է æաւախք, նա առաջին հերթին ունի հոգեւոր իմաստ, որովհետեւ նրա մասին մտածում է հեռաւոր Լոս Անճելըսում ապրող հայը՝ նրա արիւնակիցը»:
Իսկ խօսելով Արցախի բանակի մեծութեան մասին՝ ան ըսաւ. «Տղամարդ է կանգնած սահմանի վրայ: Հայ զինուորը այսօր իր սահմանը չունի աշխարհում… Եւ այսօր Ջաւախքը թող դառնայ այդ կամուրջը, փորձաքարը, որի հիման վրայ մենք մեր գործունէութեամբ կ՛ապացուցենք, որ մենք մեր ազգային խնդիրների տէրն ենք Լոս Անճելըսից մինչեւ Սիտնի, Սիտնիից մինչեւ Ռուսաստան, Ռուսաստանից մինչեւ Պուէնոս Այրես, Պուէնոս Այրեսից մինչեւ Փարիզ», եզրափակեց փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:
Ապա, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան համաատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեան Շրջանային վարչութեան եւ յանձնախումբին անունով յուշատախտակ մը յանձնեց Ալէք եւ Ալէնուշ Բաղդասարեաններուն՝ ջաւախքահայութեան իրենց մատուցած երկարամեայ բարեսիրական գործունէութեան եւ նուիրումին իբրեւ գնահատանք: Պէտք է ընդգծել, որ Բաղդասարեան զոյգը, Ջաւախքէն անկախ, հսկայական բարեգործութիւններ կը կատարէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց համաատենապետ Մարալ Մաթոսեանը, որ ձեռնարկը ՀՕՄին համար «խոստմնալից ուրախութեան օր» որակելով՝ շեշտեց շրջանի ՀՕՄին ցուցաբերած յատուկ գուրգուրանքը՝ æաւախքի նկատմամբ, որուն արդիւնքն է երիտասարդական կեդրոններու բացումը, «որոնք ոչ միայն ջաւախքահայութեան ժամադրավայրը դարձած են, այլ յատկապէս երիտասարդութեան համար ազգային դաստիարակութեան դարբնոցի վերածուած են»: Ան աւելցուց, թէ պարտաւորութիւն պէտք է համարել ամէն գնով Ջաւախքի հայկական դիմագիծը պահպանելը եւ նորանոր միջոցներ որոնել՝ հզօր ու կանգուն պահելու Ջաւախքն ու ջաւախքահայութիւնը:
Օրուան նպատակի կարեւորութենէն մեկնած՝ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, զորս ձեռնհասօրէն վարեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի տնօրէնուհի Ժասիկ Ջառահեանը: Ժողովրդային եւ աշուղական երգերով երեկոն խանդավարեց ծանօթ երգիչ Յովհաննէս Շահպազեանը:
6 ՄԱՐՏԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Փրոֆ. Մելքոնեանի երկրորդ հրապարակային ելոյթը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Մարտ 2015ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանը: Մեծ թիւով հայորդիներ փութացած էին գրադարան, լսելու համար Ջաւախքի վերջին նորութիւնները. ներկաներու կարգին էր նաեւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանը, որ անդրադառնալէ ետք Ջաւախքի մէջ ՀՕՄի գործունէութեան՝ ներկայացուց Ջաւախքի պատկանելիութեան պատմականը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու զայն հայաթափելու նպատակով վրացական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը: Ապա, բեմ հրաւիրեց օրուան հիւր դասախօս փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, որ առաջին հերթին իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ թէեւ հայրենիքէն հեռու, Լոս Անճելըսի հայութիւնը մօտէն ծանօթ է Ջաւախքին: Ան յատկապէս իր հիացմունքը յայտնեց, շրջանի հայ աշակերտական գանձանակներու ծրագրին համար:
Փրոֆ. Մելքոնեան ընդգծեց, թէ «Ջաւախքին պէտք է բարոյական աջակցութիւն: Ջաւախքը Սփիւռք չէ: Ջաւախքը հայրենիք է»: Դասախօսը կարեւոր համարեց Ջաւախքի պատմական անցեալը եւ բացատրեց, թէ «Ջաւախքը մեր Զապախ աշխարհն է: Հնագոյն Ուրարտական արձանագրութիւններում, Արարատեան թագաւորութեան արքայ Արգիշտիի արձանագրութիւններում, 786 Ն.Ք. թուականին, առաջին անգամ յիշատակւում է այս երկիրը: Ջաւախքը մեր 15 աշխարհներից՝ Գուգարաց աշխարհի 8րդ գաւառն է»: Ապա, մանրամասնօրէն Ջաւախքի պատմական հանգրուաններուն անդրադառնալով՝ ան ակնարկ մը նետեց հայ-վրացական պատերազմին, Վրաստանի կողմէ Ախալքալաքի գրաւման, Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդայնացման, Հայ ֆետայական շարժման եւ անոր մէջ ջաւախքցի ուսանող երիտասարդներու կարեւոր դերին, Հայաստանի անկախացման, ռուսական տիրապետութեան, Ջաւախքի հայութեան աճին (72 տոկոսը հայեր, 20-22ը՝ մսխեթցի թուրքեր եւ 5 տոկոսէն նուազ՝ վրացիներ): Հասաւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմը. բանախօսը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքով տեղահան եղած Կարսի ու Արտահանի հայութեան հանգրուանումին՝ Ջաւախքի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մսխեթցի թուրքերու աշխուժացման:
Ան շեշտեց Ջաւախքի ունեցած մեծ դերը 1918ի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան կազմաւորման մէջ: Աւելի ուշ՝ 1944ին, մսխեթցի թուրքերու աքսորումով, Ջաւախքի մէջ հայութեան թիւի աճը աւելցաւ եւ հասաւ մինչեւ 95 տոկոսի: 1989ին, Խորհրդային վերջին մարդահամարին տուեալներով՝ Ջաւախքը, որ երկու վարչական շրջան կը ներկայացնէ՝ Ախալքալաք եւ Պոկտանովկա, ունէր 105 գիւղ, Ախալքալաքի մէջ՝ 68 հատ, որոմէ 58ն զուտ հայաբնակ էր, 2ը՝ խառն հայ-վրացական, իսկ 4ը՝ վրացական:
Փրոֆ. Մելքոնեան, եզրակացնելով ըսաւ. «Մենք այսօր որեւէ անջատողականութեան խնդիր չենք դնում: Չենք դնում վասն Ջաւախքի, վասն Հայաստանի եւ վասն Վրաստանի: Մենք այդ տարածաշրջանում կողք-կողքի պիտի ապրենք, բայց մարդիկ պիտի սթափուեն եւ հասկանան, որ մենք ունենք նաեւ Ջաւախքում ապրող հայութիւն, որը չի լքելու այդ հողը, եւ որ մենք ունենք սփիւռքահայութիւն, որ Իրանից, Ֆրանսայից մինչեւ Լոս Անճելըս գիտի իր Ջաւախքի դերը եւ նրա տէրն է՝ բարոյական-նիւթական առումով, եւ, Աստուած մի առասցէ, թոյլ չի տայ որ մէկը Ջաւախքում ասի քո աչքին վրայ փուշ կայ»:
Դասախօսութենէն ետք, հարց ու պատասխանի առիթ տրուեցաւ: Յայտագիրին ասմունքներով մաս կազմեցին Անի եւ Լիլի Սարաֆեանսները, որոնք ասմունքեցին չորս հայրենաշունչ քերթուածներ: Աշուղական երգերով ներկաները խանդավառեց սիրուած երգիչ Գագիկ Բադալեանը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անունով համաատենապետուհի Մարալ Մաթոսեան՝ յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանի ընկերակցութեամբ, գնահատական յուշատախտակ մը յանձնեց փրոֆ. Մելքոնեանին:
ՓՐՈՖ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ՝ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 8 Մարտին, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան այցելեց Սան Ֆրանսիսքօ եւ հրապարակային իր երկրորդ ելոյթը ունեցաւ տեղւոյն «Վասպուրական» սրահին մէջ, մեծ թիւով ջաւախքասէրներու մասնակցութեամբ:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը կատարեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Ճիւտի Ճինկիրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն՝ օրուան հրաւէրին ընդառաջելու համար, բեմը յանձնեց Լենա Պօզոյեանին, որ իր հերթին ներկայացուց ՀՕՄի գործունէութիւնը Ջաւախքի մէջ: Ապա, ցուցադրուեցաւ Ջաւախքի մէջ կատարուած աշխատանքներուն մասին տեսաերիզ մը:
Ջաւախքը հայութեամբ պահպանելու գծով, աւելի լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց օրուան հիւր դասախօսը՝ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը:
Ձեռնարկի վերջին բաժինով, շրջանի ՀՕՄի երեք մասնաճիւղերու՝ «Կարին»ի, «Էրեբունի»ի եւ «Ակնունի»ի անունով, հիւր դասախօսին նուիրուեցաւ յուշանուէր մը, առ ի երախտագիտութիւն իր կատարած բացառիկ աշխատանքին:
ԱՅԼ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ամերիկա իր կեցութեան ընթացքին փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի կատարած այցելութիւններու ծիրէն ներս, կ՛արժէ յիշել Շրջանային վարչութեան համաատենապետուհի Մարալ Մաթոսեանի գլխաւորութեամբ անոր հանդիպումը Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
Փրոֆեսէօրը նաեւ այցելեց Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանը եւ իր յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Իսկ Ֆրեզնոյի մէջ այցելեց Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմը եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց անոր:
Մելքոնեան չմոռցաւ հայ աշակերտին հետ հանդիպելու եւ Ջաւախքի եւ ջաւախքցի անոնց հասակակիցներուն մասին զրուցելու անոնց հետ: Ան այցելեց Ֆերահեան, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս, Մեսրոպեան, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական եւ Շամլեան Ազգային վարժարանները, ինչպէս նաեւ՝ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան եւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանները:
Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի 10օրեայ ԱՄՆ այցելութիւնը նպաստեց, որ շրջանի հայութիւնը լաւապէս ծանօթանայ Ջաւախքի պատմական կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ՝ զայն պահպանելու, հզօրացնելու եւ կանգուն պահելու անհրաժեշտութեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ նուիրատուութիւն ընելու համար, այցելեցէք մեր կայքէջը՝ www.arswestusa.org, կամ ձեր չէքը ուղարկեցէք հետեւեալ հասցէին. ARS Javakhk Fund, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812:

Comments 1