ՄԱԿ.- Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»ն կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿին՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը մեղաւոր է ցեղասպանութեան եւ պատերազմական այլ յանցագործութիւններու համար:
Ժընեւի մէջ Մարտ 19ին ներկայացուած ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց գրասենեակի զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, թէ Իրաքի եզիտիներուն վրայ յարձակումները անհրաժեշտ է որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի նաեւ, որ «Իսլամական պետութեան» նպատակն է ոչնչացնել եզիտիները։ Այս եզրակացութեան հասած փորձագէտները յարձակումներէն վերապրած աւելի քան 100 ականատես հարցաքննած են: «Իսլամական պետութեան» զինեալները սպաննած են հարիւրաւոր եզիտի տղամարդիկ, առեւանգած 8-15 տարեկան մանչեր ու անոնց պարտադրած իսլամութիւնը ընդունիլ։ Անոնք նաեւ եզիտի կիներ եւ աղջիկներ բռնաբարած են եւ ստիպած են անոնց, որ մարմնավաճառութիւն ընեն:
Զեկուցումի հեղինակները կոչ ուղղած են ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանին, որ հետապնդեն եզիտիներու ցեղասպանութեան հարցը:
Փորձագէտները նաեւ նշած են, որ «Իսլամական պետութեան» յարձակումներուն զոհ կը դառնան նաեւ Իրաքի կրօնական եւ ազգային այլ փոքրամասնութիւններ, մասնաւորաբար՝ քրիստոնեաները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.