ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ինչպէս նշած էինք, Կիրակի, 15 Մարտ 2015ի յետմիջօրէին, փակման յատուկ արարողութեամբ մը հանգամանօրէն իրենց աւարտին հասան Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական մարզախաղերը՝ բոլորիս ծանօթ ՔԱՀԱՄը: Նոյն հանդիսութեան ընթացքին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերուն:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:30ին, «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, բազմահարիւր ծնողներու մասնակցութեամբ: Մարզադաշտ ներկայացած էին նաեւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեանը, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 39րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Պետիկ Ֆերմանեանը, Նաւասարդեան նորագոյն՝ 40րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ, շրջանի ֆութպոլի «Կալաքսի» նշանաւոր խումբի հայազգի աստղ Լի Նշանեան եւ պատասխանատու Անտրու, ինչպէս նաեւ անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄականներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ ՀՄԸՄականներ:
Հանդիսութեան խօսնակներն էին Նորա Չափարեան եւ Նարեկ Մեծաչեան, որոնք արհեստավարժօրէն վարեցին հանդիսութիւնը՝ առաջին հերթին հրաւիրելով ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերուն: Ապա, բարի գալուստի քաղցր խօսքերէն ետք, անոնք ներկայացուցին օրուան պաշտօնական հիւրերը եւ հակիրճ պատմականը տուին շրջանի ՀՄԸՄին:
Հանդիսութեան դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղերու արի-արենոյշները, գլխաւորութեամբ «Սիփան» մասնաճիւղի խմբապետուհի Դալար Գալստեանի: Անոնք Շրջանային վարչութեան նորակազմ փողերախումբի թմբուկներու միանուագ հարուածներուն ներքոյ՝ հաստատակամութեամբ քալեցին, բարեւեցին ներկաները եւ տեղադրեցին դրօշակները բեմին վրայ: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները մեներգեց «Արարատ» մասնաճիւղի արենոյշ խմբապետուհիներէն Իւանա Գրիգորեան:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ հպարտանքով ընդգծեց. «Այսօր մեր աշակերտութիւնը երկրորդ եւ երրորդ կարգի բաժակներ չունի: Այսօր մեր աշակերտութիւնը, մեր մարզիկները բոլորն ալ առաջին կարգի են, որովհետեւ 100 տարիներ առաջ, ցեղասպան թուրքը չկրցաւ իրագործել իր վառ նպատակները: Վկայ՝ մեր աշակերտութիւնը այսօր, վկայ՝ մեր ՀՄԸՄը, թէ մենք կանգուն կը մնանք այսօր որպէս հայորդիներ»: Ապա, Տէրունական աղօթքը կատարելէ ետք, ան շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց հայ աշակերտութեան ու ՀՄԸՄին:
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի 6րդ եւ 8րդ շրջանաւարտ դասարաններու աշակերտութիւնը մարզադաշտի վրայ գեղեցկօրէն կազմեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ի խորհրդանիշ՝ Անմոռուկ ծաղիկը, միաժամանակ՝ բացատրելով անոր իւրաքանչիւր թերթիկի իմաստը: Վճռակամութեամբ յիշեցնելով «Կը Յիշեմ եւ Կը Պահանջեմ» կարգախօսը՝ անոնք արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Պիտի Իյնաս Այս Անգամ» բանաստեղծութիւնը:
ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն անունով պատգամ փոխանցեց Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որ ընդգծեց հայ ժողովուրդը բնաջնջելու թուրքին ձախողութիւնը եւ ըսաւ. «Դար մը առաջ թրքական մենատիրութիւնը ուխտեց արմատախիլ ընել հայոց ազգը, բնաջնջել զայն: Իսկ այժմ՝ 100 տարիներ անց, հոս կանգնած ենք յաղթական: Միակամ կը տօնենք մեր լուսամիտ, տաղանդաւոր եւ խոստմնալից պատանիներու եւ պարմանուհիներու պայծառ յաջողութիւնները: Մենք ներկայ ենք, մեծցող թիւերով ներկայ ենք ու հզօր քայլերով պիտի յառաջանանք»:
Ապա, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄին, ՔԱՀԱՄի այս բացառիկ եւ ազգօգուտ առիթը ստեղծելուն համար, ապա շնորհաւորեց մարզիկ աշակերտները՝ իրենց յաղթանակներուն, իսկ գնահատեց ծնողներու զոհողութիւնը՝ իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկելու համար։ «Այս հազար աշակերտները մեր ապագան են: Կը հաւատանք այս հաստատումին եւ անոր համար զանոնք նախանձախնդրութեամբ կը պատրաստենք, որպէս նոր առաջնորդներ, ղեկավարներ, կազմակերպիչներ, ազգային գործիչներ, ներկայացուցիչներ», շեշտեց ան:
Դոկտ. Քարկոտորեանի տպաւորիչ պատգամէն ետք, իր ղեկավարած վարժարանի 6րդ կարգի երգչախումբը՝ խմբավար Նորա Պայրամեանի գլխաւորութեամբ, խմբերգեց «Ելէք հայեր պայքարի» եւ «Մենք ենք մեր սարերը» ազգային երգերը՝ մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Մարզական խորհուրդին մօտ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Արամ Թոմաս, որ կեդրոնանալով հայկական պատկանելիութեան կարեւորութեան վրայ՝ ըսաւ. «Յաղթողներ կամ պարտուողներ չկան: Կան միայն սերունդներու զօրութիւն եւ աճ, որոնք կը գիտակցին իրենց ինքնութեան՝ ըլլալու արդիւնաւէտ եւ օրինակելի քաղաքացիներ, անմառ պահելով հայութեան յաւերժական ջահը: ՀՄԸՄը այս նպատակով գոյատեւեց 97 տարիներ: Անիկա ապահովեց ու հզօրացուց այս ինքնութիւնը՝ «Բարձրացիր, Բարձրացուր» իր կարգախօսով, եւ այս նպատակին համար ալ առաջնորդի դեր կատարեց ոչ միայն Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլ՝ համայն աշխարհի տարածքին»: Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ հաւատք կ՛ընծայեն ՀՄԸՄին եւ իրենց զաւակները կը վստահին անոր: Թոմաս բարձր գնահատեց մեր սերունդները հայօրէն դաստիարակող, հայութիւնը պահպանող կրթական բոլոր օճախները, անոնց տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը, եւ վստահեցուց, որ ՀՄԸՄը անոնց թիկունքն է:
Այնուհետեւ, օրուան երկրորդ գլխաւոր առանցքը հանդիսացող Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու բացման բաժինը գլխաւորեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 39րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ Ֆերմանեան զոյգին, հրաւիրեց Պետիկ Ֆերմանեանը միասնաբար դիմաւորելու համար 40րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահը:
«Կ՛ուզեմ ներկայացնել ՀՄԸՄական մը, որ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի շարքերէն անցնելով՝ կեանքի յաջողութիւններու հասաւ, սակայն երբեք չշլացաւ, այլ ընդհակառակը՝ իր նուաճումներուն բաժնեկից դարձուց իր ժողովուրդը՝ Իրաքէն մինչեւ Ամերիկա, Ամերիկայէն մինչեւ Մայր հայրենիք: ՀՄԸՄական մը, որ միշտ եղաւ նաեւ իր սիրած կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄի կողքին: Հաւատաց անոր առաքելութեան, հետեւեցաւ անոնց նպատակներուն, անոր շարքերուն ընդմէջէն սորվեցաւ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարել, եւ՝ յաջողեցաւ: Սակայն անձնասէր չեղաւ եւ իր յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուց իր շրջապատը ու մանաւանդ՝ ՀՄԸՄը, որուն միշտ իր զօրակցութիւնը ցուցաբերեց նիւթապէս եւ բարոյապէս», ըսաւ Մարսէլեան եւ բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկ. Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները:
Վարանդ Մելքոնեան իր եւ կնոջ անունով շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իրենց ընծայուած պատիւին համար, ու Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերը բացուած յայտարարեց: Այսպէս, Գառնիկ Սարգիսեանի «ՀՄԸՄ Պանծալի» երգի ընկերակցութեամբ, խորհրդաւորապէս վեր բարձրացաւ Նաւասարդեանի խորհրդանիշը՝ խլելով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյնները:
Ոգեւորիչ այս մթնոլորտին յաջորդեց անհամբերութեամբ սպասուած աշակերտական շքերթը, որ անկեղծ արտայայտութիւնն էր անոնց ամիսներու մարզական մաքուր մրցակցութեան: Փառահեղ տողանցքին յաջորդեց յաղթանակի բաժակներու յանձնումի պահը: Յայտարարուեցան պասքեթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, փինկ-փոնկի եւ թեթեւ աթլեթի մարզաճիւղերու ախոյեանները:
Յաղթանակի 150 բաժակները յանձնուեցան ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններուն: Իւրաքանչիւր բաժակի յանձնումը ինքնին արարողութիւն մըն էր զայն վաստակող աշակերտներուն համար, որոնք խումբ առ խումբ, մեծ ոգեւորութեամբ կը ներկայանային առաջ, հպարտութեամբ կը ստանձնէին իրենց ախոյեանութեան մրցանիշը արժեւորող բաժակները, ապա ներկաներու «հուռռա՜»ներուն եւ խրախուսիչ ծափերուն արժանանալով՝ կը վերադառնային իրենց տեղերը:
Այս տարի, Մարզական խորհուրդը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր յաղթանակի բաժակներ յանձնելու նաեւ այն վարժարաններուն, որոնք առաւելագոյն ջանքը թափած էին իրենց աշակերտներուն մէջ զարգացնելու ոգեւորութեան, մարզական եւ նուաճումի մաքրամաքուր ոգին: Այս բաժակները յանձնուեցան Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն ու Պետիկ Ֆերմանեանին կողմէ, ընկերակցութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանի: Այսպէս.
– Ոգեւորութեան բաժակին արժանացաւ (Spirit Trophy) Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան վարժարանը.
– Մարզական ոգիի (Sportsmanship Trophy)՝ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանը.
– Նուաճմանը (Achievement Trophy)՝ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանը։
Այնուհետեւ, երեկոն խանդավառեց սիրուած երգիչ Տիգրան Ասատրեանը: Ան իր հրամցուցած երգերով մարզադաշտի վրայ պարի հանեց ողջ աշակերտութիւնը, որ առաւել ոգեւորութեամբ ապրեցաւ իր յաղթանակը: Բացառիկ մթնոլորտի մը մէջ հանդիսութիւնը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7ին՝ գեղեցիկ յիշատակներ արձանագրելով աշակերտութեան ու զանոնք մարզող ղեկավարներու յիշողութեան մէջ:
Ստորեւ՝ մարզաճիւղերու ախոյեանութեան արժանացած վարժարանները.
Փինկ-Փոնկ
Ա.- Շամլեան Ազգ. վարժարան
Բ.- Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Գ.- ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Թեթեւ Աթլեթ
Ա.- Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Բ.- ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Գ.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարան
Վոլիպոլ
Ա.- ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Բ.- Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարան
Գ.- Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Ֆութպոլ
Ա.- ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Բ.- Շամլեան Ազգ. վարժարան
Գ.- Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Պասքեթպոլ
Ա.- Շամլեան Ազգ. վարժարան
Բ.- Ֆերահեան Ազգ. վարժարան
Գ.- Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարան