Վերջերս հրատարակուեցաւ Ատանայի 1909 թուականի սպանդներուն մասին երեք տարբեր տեղեկագիրներ ընդգրկող գիրք մը, «1909 Ատանայի Սպանդը՝ Երեք Տեղեկագիրներ» խորագիրով։
Պատմաբան Թաներ Աքչամի յառաջաբանով հրատարակուած գիրքը կ՛ընդգրկէ այս տխրահռչակ կոտորածին մասին պատրաստուած երեք տեղեկագիրներ, առաջինը՝ Կարապետ Չալեանի «Ատանայի Դէպքը Ու Պատասխանատուները» խորագիրով տեղեկագիրն է. երկրորդը՝ Արթին Ասլանեանի «Ատանայի Մէջ Արդարութիւնը Ինչպէ՞ս Դատապարտուեցաւ» կոչուած տեղեկագիրը, իսկ երրորդը՝ Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխաններէն, Իթթիհատական կուսակցութեան անդամ Յակոբ Պապիկեանի կողմէ խորհրդարանին համար Ատանայի դէպքերուն մասին պատրաստուած տեղեկագիրը։ Սոյն երեք տեղեկագիրները հրատարակուած էին 1909 թուականին եւ անոնք յաճախ առաջին աղբիւր նկատուեցան Ատանայի պատահարներուն գծով։
«Ատանայի կոտորածներուն մասին շատ բան ըսուած ու գրուած է, եւ շատերու կարծիքով, ինչպէս նախաբանին մէջ ալ կը գրէ Թաներ Աքչամ, 1909 թուականի այս կոտորածը 1915ի մեծ կոտորածին նախապատրաստութիւնը կը նկատուէր, ասիկա առաջին փորձ մըն էր հայերը բնաջնջելու ուղղութեամբ», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
«Արաս»ի սոյն հրատարակութիւնը խմբագրուած եւ օսմաներէնէ թրքերէնի վերածուած է Արի Շէքէրեանի կողմէ։
«Երկրորդ գիրքը, որ հրապարակ կը հանուի այս շաբաթ, Արմենուհի Գեւոնեանի նշանաւոր «Կիւլիզարի Սեւ Հարսանիքը» անուն պատմումն է, որ կը նկարագրէ Քիւրտ Պէյի մը կողմէ առեւանգուած հայ աղջկայ մը իրական պատմութիւնը։ Արմենուհի Գեւոնեան նշանաւոր անուն էր նախորդ սերունդին համար, ան դուստրն էր Մշոյ նշանաւոր ազգային գործիչ Գեղամ Տէր Կարապետեանի։ Կիւլիզարն ալ անոր քոյրն էր։ Արմենուհի Գեւոնեան 1902ին ծնած էր Մշոյ մէջ, ապա եկած էր Պոլիս, հոսկէ անցած էր Փարիզ, աշխատած էր «Յառաջ» թերթի խմբագրատան մէջ, կանուխէն հետաքրքրուած էր երաժշտութեամբ ու ազգային երգերու երգչուհի դարձած էր, անմահացնելով Մշոյ ազգային աւանդական երգերը։ Բեմերու վրայ երգահանդէսներ կը սարքէր անպայման հագնելով Մշոյ ազգային տարազներ։ Կը յիշենք, որ մեր քաղաքին մէջ ալ սարքած է երգահանդէս մը», կը պատմէ «Մարմարա»։
«Կիւլիզարին Սեւ Հարսանիքը» գիրքը Ֆրանսերէն բնագիրէն թրքերէնի թարգմանուած է Ասլը Թիւրքերի ու Էճէ Էրպայի կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.