Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինը Չորեքշաբթի, 18 Մարտի երեկոյեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» սրահին մէջ գումարեց արտահերթ նիստ մը՝ մասնակցութեամբ սուրիահայ երեք համայնքապետերուն, հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինի տեղեկատուական աղբիւրը:
Նիստի օրակարգի հիմնական առանցքը կը կազմէր Երեքշաբթի, 17 Մարտին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի խորհրդարանի հերթական նիստին արտասանած խօսքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ երեսփոխաններու կատարած յարգանքի տուրքը՝ մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին:
Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինը որոշեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Սուրիոյ խորհրդարանին յղել համազգային երախտագիտական նամակներ: Ուստի, խորհրդակցական նիստին ընթացքին ժողովականները քննարկեցին վերոնշեալ նամակներու բովանդակութիւնն ու պարունակութիւնը, որմէ ետք բանաձեւուեցան ուղարկուելիք նամակները:
Յայտնենք, որ նիստին ընթացքին մարմինը հեռաձայնային կապեր ունեցաւ Սուրիոյ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ, ուր երկխօսութեան հիմնական նիւթ եղաւ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան լուսարձակի տակ առնուիլը: Առ այդ, մշակուեցան սուրիահայութեան երախտագիտական արտայայտութիւնը դրսեւորող նամակները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.