
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Տարեկան «Model UN» համագումարին համար Սան Ֆրանսիսքօ գտնուող Ֆերահեան Ազգային վարժարանէն հինգ աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհի Հուրի Տեմիրճեանին, այցելած են Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանը, անոր 6-8րդ դասարանի աշակերտներուն տեղեկութիւններ տալով «Model UN» նախաձեռնութեան մասին։