
ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ.- Օրենճ Քաունթիի Համաշխարհային հարցերու խորհուրդը Ապրիլ 2ին կայանալիք քննարկում-ընթրիքով մը պիտի ոգեկոչէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։
«Հայկական Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք. Տակաւին արդարութիւն կը հետապնդուի» խորագիրին տակ տեղի ունենալիք քննարկումին պիտի մասնակցին Յարութ Սասունեան, դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան, Քարլա Կարապետեան եւ փրոֆ. Հենա Կերի։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Փըսիֆիք» ակումբին մէջ (4110 Macarthur Blvd., Newport Beach, CA 92660), երեկոյեան ժամը 5:30ին սկսող հիւրասիրութեամբ մը, որուն պիտի յաջորդէ գեղարուեստական յայտագիր (ժամը 6:30ին), իսկ ընթրիքը պիտի հրամցուի ժամը 7ին։ Քննարկումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7:30ին:
Մասնակցութեան սակը 75 տոլար է, անդամներու համար՝ 55 տոլար, իսկ ուսանողներու համար՝ 40 տոլար։
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (949) 253-5751 թիւին կամ այցելել www.worldaffairscouncil.org կայքը։