
Երկուշաբթի, 23 Մարտի երեկոյեան, Ատրպատականի Հայոց Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ, թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան ընդունեց Իրանի մօտ ՀՀ նորանշանակ դեսպան Արտաշէս Թումանեանը: Դեսպանին կ՛ընկերանային անոր կողակիցը, ինչպէս նաեւ դեսպանատան կցորդ Սահակ Եղիազարեանը եւ անոր կողակիցը:
Ազգային առաջնորդարանի շքամուտքին Խնամակալ մարմինի տիկիններ ծաղկեփունջերով դիմաւորեցին հիւրերը եւ առաջնորդեցին դահլիճ:
Առաջնորդի կողքին սոյն հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ անդամներ Վարդան Աբրահամեան եւ Ալէն Սայիադեան: Բարի գալստեան իր խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, եւ այս շրջագիծէն ներս Իրանահայ սահմանամերձ թեմին՝ Ատրպատականի Հայոց թեմին դերակատարութիւնը։ «Ըլլալով Իրանի եւ Հայաստանի դրացնութեան թեմը, մենք նաեւ Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան անպաշտօն ներկայացուցիչն ենք, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալով ո՛չ միայն երկու հարեւան երկիրներու բարի դրացնութեան ամրապնդումին, այլեւ մեր նպաստը կը բերենք երբեմն դժուարութեան դիմաց կանգնած մեր հայրենակիցներուն, որոնք տարբեր պատճառներով կը դիմեն մեր օժանդակութեան», ըսաւ սրբազանը:
Ապա, ողջունելով ՀՀ նորանշանակ դեսպանին այցելութիւնը, սրբազանը ըսաւ. «Ինչպէս ձեր նախորդին օրով, Ատրպատականի Հայոց թեմին եւ ՀՀ դեսպանատան միջեւ պիտի շարունակուին մեր սերտ յարաբերութիւնները, որովհետեւ Սփիւռքի այս կառոյցները իրենց եկեղեցական կեդրոններով եւ անոնց շուրջ համախմբուած ժողովուրդով, միշտ զօրավիգ են մայր հայրենիքին, ի խնդիր մեր պետականութեան ամրապնդման: Այս տարի յատկապէս, երբ ընդամէնը մէկ ամիսէն պիտի յիշատակենք մեր ազգի նահատակութեան 100ամեակը, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումը եւս կատարելով, ինչքան կը զգանք մեր եկեղեցւոյ ու ազգի միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը», շեշտեց սրբազանը:
Դեսպան Թումանեան, իր հերթին, ողջունեց մտերմիկ հանդիպման մասնակիցները, եւ իր անդրանիկ այցելութեան առիթով մաղթեց, որ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը շարունակուի, ինչպէս Իրանահայ միւս երկու թեմերուն, այնպէս ալ Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան հետ: Ան ողջունեց դարաւոր թեմին ցարդ իրականացուցած եւ դեռ իրականացուող աշխատանքները, հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ ընկերային ոլորտներէ ներս եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն:
Այս առիթով, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Առաջնորդը դեսպան Թումանեանին բարի գործունէութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց, համատեղ դեսպանատան ողջ անձնակազմին:
Յայտնենք, թէ հանդիպումէն ետք դեսպանն ու անոր պատուիրակութիւնը շրջագայեցան Ազգ. առաջնորդարանի տարբեր մասերը եւ ապա ընթրիքի հիւրը եղան առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան: