ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- «Մեր վարժարաններու աշակերտներուն Ազգային առաջնորդարան այցելութիւնը վերածուած է բարի եւ օգտակար աւանդութեան մը. այս այցելութիւնները ո՛չ միայն առիթ են, որպէսզի մեր աշակերտները ծանօթանան ազգային այս հաստատութեան գործունէութեան, այլ նաեւ մեզի առիթ կ՛ընծայեն ծանօթանալու հայակերտման այն աշխատանքին, որ տեղի կ՛ունենայ մեր դպրոցներուն մէջ», յայտարարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ողջունելով Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտները, որոնք Հինգշաբթի, Մարտ 19ի առաւօտուն առաջնորդարան այցելեցին եւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրով մը պայծառացուցին Ազգի տան մթնոլորտը:
Հիւրերը վարժարանի 7րդ, 8րդ եւ 9րդ կարգերու աւելի քան 105 աշակերտներն էին, որոնք առաջնորդարան ժամանեցին՝ ընկերակցութեամբ իրենց դաստիարակներուն, եւ դիմաւորուեցան առաջնորդ սրբազանին կողմէ: Ներկայ էին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ:
Աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական հաճելի յայտագիր մը՝ ներշնչուած Ցեղասպանութեան 100ամեակէն. աղօթքները, շարականները, երգերը, արտասանութիւններն ու դաշնակի վրայ երաժշտական մատուցումները հարազատ արտայայտութիւն էին Ցեղասպանութեան առթած մորմոքին, սակայն նաեւ հայութեան վերականգնումի եւ պահանջատիրութեան կամքին:
Աշակերտներէն Նայիրի Փանոսեան, ինքնավստահօրէն եւ հայաշունչ առոգանութեամբ կատարեց հանդիսավարութիւնը: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ այս այցելութեան նպատակին՝ վեր առնելով Հայ եկեղեցւոյ ու Հայ դպրոցին դերը՝ նոր սերունդներ կերտելու մէջ, ապա աշակերտներուն անունով հաւատարմութիւն խոստացաւ մեր հայկական աւանդներուն ու ժառանգութեանց, ի խնդիր անոնց պահպանման ու ծաղկումին: Ան նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով յանձնառութիւն արտայայտեց տիրութիւն ընելու մեր արդար իրաւունքներուն:
Աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին Ս. պատարագէն շարականներ, ազգային երգեր, բանաստեղծական կտորներ եւ խմբերգներ, որոնք միաժամանակ ոգեկոչումն էին նահատակներուն, յիշատակումը՝ մեր կորուստներուն եւ արտացոլացումը՝ հայութեան վերապրումին ու ինքնութեան պահպանման երթին: Հանդիսավարը յայտագիրը փակեց հայ դպրոցին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ երախտագիտութեան խօսքերով:
Վիգէն քահանայ գնահատանքի խօսք ուղղեց աշակերտներուն եւ հրաւիրեց առաջնորդը՝ ուղղելու իր պատգամը: Սրբազանը բարձր գնահատեց յայտագիրը, որ «հպարտութիւն կը ներշնչէ աշակերտներուն եւ ընդհանրապէս Հայ դպրոցին նկատմամբ»: Ան գոհունակութիւն յայտնեց այն բանին համար, որ հանդիսավարը իր եւ իր ընկերներուն անունով հաւատարմութիւն արտայայտեց մեր եկեղեցական ու ազգային ժառանգութեանց, ինչ որ յատուկ իմաստ կը ստանայ Ցեղասպանութեան 100ամեակի այս տարուան առիթով: «Մենք յիշած ենք ու պիտի յիշենք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները, եւ մեր պայքարը պիտի շարունակենք մեր մշակոյթին ու ազգային ժառանգութեանց հաւատարմութեան ոգիով», շեշտեց առաջնորդը, ապա հանգամանօրէն անդրադարձաւ ու բացատրութիւններ տուաւ 100ամեակին առիթով նահատակներու սրբադասման որոշումին մասին, որ պիտի կենսագործուի յառաջիկայ Ապրիլ 23ին: Ան յիշեց, որ 100 տարի առաջ, մեր թշնամի թուրքը փորձեց բնաջնջել հայութիւնը եւ, բանաստեղծին բառերով՝ միայն մէկ հայ ձգել թանգարանին մէջ, բայց անոր դաւերը չյաջողեցան, հայութիւնը վերականգնեցաւ ու կը շարունակէ իր պահանջատիրական երթը: «Այս բեմէն մեր լսած արտայայտութիւններն ալ արժանի ապտակ են մեր թշնամիին», ընդգծեց առաջնորդը ու յորդորեց աշակերտները միանալու հայութեան պահանջատիրութեան, որովհետեւ՝ «տակաւին շատ բան ունինք ընելիք, պիտի շարունակենք հարստացնել վերապրող հայութեան բերած հպարտառիթ նպաստը աշխարհին ու քաղաքակրթութեան, տարբեր մարզերու մէջ», ըսաւ ան:
Սրբազանը նաեւ յիշատակեց, որ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանը տօնեց իր հիմնադրութեան 45րդ տարեդարձը. ան բարձր գնահատեց վարժարանի հիմնադիրները, անցեալի ու այժմու դաստիարակները, որոնց գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է ազգային հոգիի պահպանումն ու ներարկումը իրերայաջորդ սերունդներուն: Վերջապէս, ան գնահատեց յայտագիրը պատրաստողները, օրհնեց դաստիարակներն ու աշակերտները, մասնաւորաբար բարի երթ մաղթեց 8րդ կարգի աշակերտներուն, որոնք Ուաշինկթըն պիտի այցելեն:
Հանդիպումը վերջ գտաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով, ապա բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա»ն եւ «Մեր Հայրենիք»ը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.