Պահչելիի բնակիչ Էշրեֆ Թարհան, որ տարիներ շարունակ դրացի եղած է հայերու, իբրեւ յարգանքի տուրք մահացած իր այդ հայ դրացիներուն՝ որոշած է հաւաքել գիւղացիները եւ վերանորոգել հայկական գերեզմանները: «Մինչեւ 1965 թուական, գիւղը բազմաթիւ քրիստոնեայ հայ բնակիչներ ունէր: Մենք մինչեւ այսօր կը յիշենք զիրենք եւ կը փափաքինք պահել այդ կապը: Վերջերս վերանորոգեցինք մեր դրացի եւ միաժամանակ՝ ընտանիքի բարեկամ Խաչիկ Տէմիրճեանի գերեզմանը: Ամէն տարի Տէմիրճեանները, Քիւրքճիյեանները եւ այլ հայ ընտանիքներ կու գան հոս եւ կ՛այցելեն իրենց հայրերու եւ մեծ հայրերու գերեզմանները: Հին յուշերը կարելի չէ մոռնալ: Իսլմները, հայերը եւ եզիտիները այս հողերուն վրայ ապրած են խաղաղութեան մէջ, որպէս եղբայրներ: Ափսոս, որ հայերը հեռացան գիւղէն: Թող պետութիւնը այնպիսի նախագիծ մը իրականացնէ, որ անոնք կարենան վերադառնալ Պահչելի», ըսած է Թարհան:
Նշեք, որ Թուրքիոյ մէջ այսօրինակ նախաձեռնութիւններ յաճախակի բնոյթ չեն կրեր: Աւելի յաճախակի են հայկական գերեզմաններու պղծումը՝ գանձ որոնողներու կողմէ, իսկ իշխանութիւնները ջանք չեն թափեր վերջիններս բացայայտելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.