
Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան, Ուրբաթ, 20 Մարտին Սիտնիի Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը ի պատիւ Հայաստանի Հարապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի: Ընդունելութեան ներկայ էին Հայ առաքելական եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, ինչպէս նաեւ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչները եւ գաղութին մէջ գործող մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները: Ընդունելութեան ընթացքին իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ներկայացուցիչ փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Երեկոն խանդավառեց Հայաստանէն ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ Զարուհի Պապայեանը:
Նախարար Յակոբեան Սիտնի կը գտնուի մասնակցելու համար ՀՅԴի եւ անոր ուղեկից միութիւններու կազմակերպած Հայկական փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 22ին Սիտնիի «Թամպըլոնկ» զբօսայգիի «Տարլինկ Հարպըր» նաւահանգիստին մօտ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի հովանաւորութեամբ ու ՀՄԸՄի, Համազգայինի, Հայ Օգնութեան Միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ:
Փառատօնը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Ներկայ էին հազարաւոր հայեր եւ օտարներ:
Նախարար Հ. Յակոբեան Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելզ նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարար Կլետիս Պելեճիկեանի հետ շրջեցաւ փառատօնի բոլոր տաղաւարները եւ զրուցեց հայրենակիցներու հետ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կլետիս Պելեճիկեան, ապա ելոյթ ունեցաւ նախարար Յակոբեան: «Ուզում եմ շնորհակալ լինել Աւստրալիայի իշխանութեանը, որ ստեղծել է այն պայմանները, որ դուք, հաստատուելով այս երկրում, կարողացել էք պահպանել լեզուն, մշակոյթը, աւանդոյթը եւ դա իր հերթին ի ցոյց դնել միւսների համար. շնորհակալութիւն Աւստրալիա», իր խօսքին մէջ ըսաւ նախարարը՝ աւելցնելով. «Դուք դարձել էք Աւստրալիայի լաւագոյն քաղաքացիներ, օրինապաշտ քաղաքացիներ եւ միաժամանակ պահպանել ձեր ինքնութիւնը: Ձեր ջանքերի, մեր կուսակցոութիւնների համատեղ ջանքերի, Հայ Դատի ջանքերի շնորհիւ հարաւային Ուելզը ճանաչել է մեր երկրորդ հանրապետութեան անկախութիւնը: Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը»:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին՝ ըսելով. «Մենք յաղթեցինք թուրքին, թուրքը չկարողացաւ ոչնչացնել մեզ, նրա պետական քաղաքականութիւնը չիրականացաւ»:
Փառատօնին երգի ու պարի ներկայացումներով հանդէս եկան Համազգայինի Սիտնիի պարախումբը, Համազգայինի «Նայիրի» պարախուբը, Քոլսթըն ճեմարանի աշակերտութիւնը, Black Bird խումբը, Մարիա Ղարեմանեան, Վարդան Մարտիրոսեան, իսկ երեկոն եզրափակեցին Հայաստանէն ժամանած փառատօնի պատուաւոր հիւրեր Զարուհի Պապայեանն ու Համլէթ Գէորգեանը։
