ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս «Արտի» Քասախեան որոշած է իր թեկնածութիւնը դնել Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքի 2016ի ընտրութեանց, իր նպաստը բերելու համար Հարաւային Քալիֆորնիոյ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու աշխատանքին:
Քասախեանի ընտրապայքարին ի նպաստ հաւաք մը կազմակերպուած է Հերի Լիոնի եւ Վարուժ «Ճօ» Կիւլիզեանի կողմէ. հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 28ին, երեկոյեան ժամը 5։30էն 7ի միջեւ, Հերի Լիոնի բնակարանը (2409 Janet Lee Dr., La Crescenta, CA 91214)։ Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (310) 597-0830 թիւին կամ ckegeyan@yahoo.com հասցէին։
Արտաշէս Քասախեանի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու համար, այցելել https://ardy.nationbuilder.com/donate կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.