
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատունը Ապրիլ ամիսը կը ձօնէ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի նահատակ եւ վերապրած հայ հեղինակներու՝ ներկայացնելով երեք տարբեր ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին պիտի յիշատակուին եւ մեծարուին անոնցմէ ամենայայտնիները:
Դոկտ. Վաչէ Մանկրեան պիտի հանդիսավարէ եւ պիտի ներկայացնէ կենսագրութիւնները: Վարդի Դանիէլեան, դոկտ. Դալար Շահինեան եւ դոկտ. Միրնա Տուզճեան պիտի ներկայացնեն հեղինակներու գրական յատկանիշները եւ կարեւորութիւնը:
Ընթերցանութեամբ ելոյթ պիտի ունենան Վարդի Դանիէլեան, Մելօ Էքիզեան, Յասմիկ Կիտցինեան, Լիզա Մանոյեան, տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան եւ Լեւոն Ֆերմանեան:
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «Ապրիլ» գրատան մէջ՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Մուտքը ազատ է:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, պիտի յիշատակուին նահատակ հեղինակներ Գրիգոր Զօհրապ, Հրանտ, Թլկատինցի եւ Երուխան:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, պիտի յիշատակուին նահատակ հեղինակներ Ռուբէն Զարդարեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Գեղամ Բարսեղեան եւ Ռուբէն Սեւակ:
Կիրակի, Ապրիլ 26ին, կ.ե. ժամը 4:30ին, պիտի յիշատակուին յետապրած հեղինակներ Երուանդ Օտեան, Վահան Թէքէեան, Յակոբ Օշական եւ Արամ Հայկազ:
«Ապրիլ» գրատան կազմակերպած այս ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։