
ՊԱՔՈՒ, «Եռագոյն».- Ատրպէյճան կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելող օտարեկրեայ նշանաւոր անձերը, պետական գործիչները, լրագրողները, քաղաքական գործիչները «անցանկալի անձ» յայտարարել եւ անոնց անունները ներառել այսպէս կոչուած «սեւ ցուցակի» մէջ:
Ըստ «Արմէնփրես»ի՝ այս անգամ Ատրպէյճան մտադիր է իր այդ ծիծաղելի «սեւ ցուցակը» ընդլայնել, անոր մէջ աւելցնելով անունները Մարտ 18-23ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Արարատի ստորոտին» միջազգային մետիա համաժողովին մասնակից 30 լրագրողներուն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի արարողութիւններու ծիրէն ներս այցելած են Արցախ:
Արտասահմանցի լրագրողները, որոնց շարքին եղած են նաեւ ռումանական «Ատեւարուլ» թերթի լրագրող Ելենա Տումիթրին, ռուսաստանեան «Արկումենտի Ի Ֆակտի» թերթի լրագրող Ալեքսանտր Քոլեսնիչենքօն, «Չեխական ռատիօ»ի հաղորդավար Մոնիքա Խորսակովան, ԼՂՀ կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած են Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ եւ այցելած շարք մը կառոյցներ:
Ատրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմեթ Հաճիզատէ այդ առնչութեամբ յայտարարած է, թէ անոնց նկատմամբ «համապատասխան միջոցներ կը ձեռնարկուին», որմէ ենթադրելի է, որ ատրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարութեան «սեւ ցուցակը» պիտի ընդլայնուի եւս 30 արտասահմանցիներու անուններով:
Ատրպէյճանի ԱԳՆի «սեւ ցուցակին» մէջ մինչեւ հիմա արդէն նշուած են 350էն աւելի անձեր, որոնք իրենց ցանկութեամբ այցելած են ԼՂՀ: Անոնց մեծամասնութիւնը յայտարարած է, որ իրենց համար միեւնոյնն է, թէ արտասահմանցիներու՝ ԼՂՀ այցի մասին ինչ կը մտածէ Պաքուն: