ՀԱՒԱՔԵՑ՝ ԱՒՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
«Երբ մօտեցան Երուսաղէմի, Բեթփագէի եւ Բեթանիոյ, Ձիթենեաց լերան մօտ, Յիսուս իր աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով.
– Գացէ՛ք սա դիմացի գիւղը, հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ո՛չ ոք նստած է տակաւին: Քակեցէ՛ք զայն եւ բերէք»:
«Ովսաննա՜ Բարձրեալին» բացագանչութիւնը առնուած է 118րդ Սաղմոսի 25-26 համարներէն:
«Ովսաննա» կը նշանակէ՝ «Փրկէ Տէ՜ր»:
Այս տօնին առիթով, հրեաները ուրախութեամբ դիմաւորեցին Տէր Յիսուսը՝ նստած աւանակի վրայ, Երուսաղէմ քաղաքի մուտքին, ձեռքերնին ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղեր բռնած: Ոմանք եկած էին, որովհետեւ լսած էին Ղազարոսի յարութեան հրաշքը: Ուրիշներ կարծեցին, թէ ան քաղաքական թագաւոր մըն էր, որ եկած էր ազատագրելու հրեայ ժողովուրդը հռովմէացիներու լուծէն:
Ճամբուն վրայ վերարկուներ եւ ծառերու ոստեր տարածելը նշան էր սիրոյ, հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան: Նոյն այս ընդունելութիւնը կը գտնենք ամէն անգամ, երբ ժողովուրդը կը դիմաւորէ իր յաղթական թագաւորներն ու զօրավարները: Այս նոյն ընդունելութիւնը պիտի կրկնուի, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսի դիմաց կանգնին ճերմակ պարեգօտներ հագած եւ իրենց ձեռքին արմաւենիի ճիւղեր բռնած բոլոր ժողովուրդներէն մարդիկ, որոնք բարձրաձայն պիտի աղաղակեն՝ ըսելով. «Փրկութիւնը կու գայ մեր Աստուծմէ, որ կը բազմի գահին վրայ, կու գայ նաեւ Գառնուկէն» (Յայտ. 7:10)։
Յիսուսի ճամբորդութիւնները ցամաքի վրայ միշտ հետիոտն եղած են: Աւանակ նստիլը նորօրինակ հանդիսութիւն մըն էր: Յիսուս միշտ խուսափած է սովորական փառքի ցուցադրութենէն, որովհետեւ Ինք՝ Փառաց Տէրն է: Ինք իր մասին ըսած է. «Ես մարդոցմէ փառք չեմ փնտռեր» (Յովհաննու 5:41)։
Հակառակ այս բոլորին, Յիսուս իր երկրային կեանքին ընթացքին, երկու անգամ տնօրինեց, որ արտաքնապէս, տեսանելի կերպով փառաւորուի.
Առաջինը՝ Յիսուսի Այլակերպութիւնն է Թաբոր լերան վրայ. «… Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները, եւ զանոնք հանեց բարձր լեռ մը, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց, իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ: … Ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք, ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՛ըսէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի որդիս, որուն ես հաճեցայ, անոր մտիկ ըրէք» (Մատթէոս 17:1-5)։
Երկրորդը՝ Յիսուսի յաղթական մուտքն էր Երուսաղէմ, շրջապատուած հազարաւոր հաւատացեալներով:
Պէտք է ըսել, որ այս երկու պարագաներն ալ ուրիշներու օգտին համար արտօնուեցան, այլ ոչ թէ Տէր Յիսուսի անձնական փառքը հիւսելու ծառայեցին: Յիսուսի նպատակը մարդոց յայտնելն էր, թէ Ինք «Մեսիան» էր, այսինքն՝ Աստուծոյ մարմնացեալ ներկայութիւնը երկրի վրայ:
Հին Կտակարանի ամբողջ երկայնքին, ոսկէ թելի մը նման կ՛երկարի գալիք «Ազատարար»ի մը գաղափարը: Ադամ ու Եւայի անկումէն ետք, Աստուած ըսած էր, որ իրենց զաւակներէն մէկը «պիտի ջախջախէր» իրենց անկումին պատճառ եղող «օձ»ի գլուխը:
Մարգարէական ու հոգեւոր յատկանիշ ունեցող այս ազատարարի գաղափարը, ժամանակի ընթացքին, դարերով գերի մնացած ժողովուրդի մը միտքին մէջ շրջափոխութեան ենթարկուած էր եւ առած զուտ աշխարհիկ նկարագիր: Յիսուսի ժամանակակից հրեայ ժողովուրդին ըմբռնումով՝ Մեսիան աշխարհակալ եւ անպարտելի մարտիկ մըն էր, որ պիտի գար փրկելու հրեայ ժողովուրդը իր թշնամիներու լուծէն եւ պիտի հաստատէր անվախճան թագաւորութիւն մը: Հրեաները կ՛ակնկալէին ազատագրում՝ իշխող թշնամիներէն: Իսկ Յիսուսի խոստացածը բարոյական փրկութիւն էր՝ սատանայի ու մեղքի գերութենէն:
Յիսուս, իր առաքելութեան շրջանը աւարտած նկատելով՝ իր ժողովուրդի կրօնական կեդրոնին մէջ, հրապարակաւ յայտարարեց Իր՝ Մեսիան ըլլալու ճշմարտութիւնը: