
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան 1 Ապրիլին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ ՀՅԴն կառավարութենէն ստացած է փտածութեան դէմ պայքարի անկախ փորձագիտական խումբին մէջ ներգրաւուելու համար թեկնածու առաջադրելու առաջարկ, սակայն ձեռնպահ մնացած է մասնակցութենէն։
«Առաջին պատճառն այն է, որ երկար տարիներ ունենք կոռուպցիայի պայքարի մեր առաջարկները, որոնք հիմնաւոր պատճառով չեն մերժուել, բայց անտեսուած են», ըսած է ան եւ աւելցուցած, թէ այլ պատճառ մըն է նաեւ այն, որ առաջարկուող համակարգը անարդիւնաւէտ է, քանի որ ընտրուած է ոչ թէ միջազգայնօրէն ընդունուած 3 կաղապարներէն որեւէ մէկը, այլ ինչպէս միշտ՝ «հայկական» կաղապարը:
Արծուիկ Մինասեան յիշեցուցած է, որ նախագահին հրամանագիրով նման խորհուրդ ստեղծուած էր 2004 թուականին եւ այսօր ալ արդէն կառավարութեան նախաձեռնութեամբ փորձ կը կատարուի անհասկնալի կաղապար մը որդեգրելու՝ վարչապետին եւ այդ մարմինին առաջակով: «Չի գտնուել այն հիմնական մօտեցումը, որի շուրջ կոնսենսուս կը ձեւաւորուի եւ կեանքի դա կը կոչուի», դիտել տուած է ան։
Պատգամաւորը ներկայացուցած է իրենց առաջարկները. «Առաջին տարրերից մէկը միջավայրի ձեւաւորումն է, որ մարդը հասկանայ, որ ինքը կոռուպցիայի մէջ մտնելով շատ աւելի մեծ վնաս կը ստանայ, քան եթէ գործի օրէնքին համապատասխան։ Երկրորդը վարձատրութեան համակարգի խնդիրն է՝ երկրի մասշտաբով, այդ թւում նաեւ գնումների, լիցենզաւորման, թոյլտուութեան համակարգերը: Վերջին ուղղութիւնը կոնկրետ պատասխանատուութիւնն է եւ չունենք լիարժէք գործող համակարգ, որի բացակայութեան պարագայում անիմաստ կը լինի խօսել»։
Ասուլիսին ներկայ Ազգային ժողովի Հանրապետական պատգամաւոր Լեռնիկ Ալեքսանեան ընդգծած է, թէ իշխանութիւններուն կողմէ կատարուածը միայն փտածութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովով չի սահմանափակուիր. կան նաեւ սահմանադրական բարեփոխումները, կառավարման համակարգը եւ այն ստուգումները, զորս այսօր կը կատարուին տարբեր ընկերութիւններու մէջ:
Ըստ անոր՝ փտածութիւնը այնպիսի երեւոյթ է, որուն դէմ ոչ միայն իշխանութիւնը պէտք է պայքարի, այլ նաեւ ընդդիմութիւնը, հասարակութիւնը:
«Պէտք է փակել այն անցքերը, որ նպաստում են կոռուպցիային: Կոռուպցիան անհատական երեւոյթ չէ, այլ մեխանիզմ է, մինչեւ ջրհոր իջնես՝ էլի կոռուպցիա կայ: Մէկին կը գտնէք, որ կոռուպցիայի մէջ չի, դա մեխանզիմ է», դիտել տուած է ան՝ աւելցնելով, որ վարչապետը ունի այդ կամքը՝ պայքարի սկսելու։
Նախկին Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր Ազատ Արշակեան իր կարգին նշած է, որ, ըստ երեւոյթին, փտածութեան դէմ պայքարի համար անհրաժեշտ հիմնարկները կան, բայց եթէ կառավարութիւնը մարմին կը ստեղծէ, ուրեմն կ՛ընդունի, որ այդ մարմինները թերի կը գործեն: «Սա ցոյց է տալիս, որ բժշիկն է հիւանադացել եւ ուզում է ինքն իրեն բուժել», յայտնած է ան։