«Ակօս» այս առնչութեամբ կը գրէ, որ Նշանեանի դատը պիտի տեղափոխուի Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան:
Սահմանադրական դատարանը մերժումը հիմնաւորած է այն պնդումով, որ Նշանեանի դատավարութեան մէջ կամայականութիւն չէ եղած եւ անոր բողոքը «ակնյայտօրէն անհիմն» որակուած է:
Նշանեանի փաստաբան Էրկին Զինմեն լրագրողներուն յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ արդէն սպառուած են այն բոլոր ատեանները, որոնք կրնային հարցը լուծել արդարօրէն, եւ այժմ իրենք պարտադրաբար պիտի դիմեն եւրոպական ատեան:
Իր այլախոհ կարծիքներուն համար հետապնդուող Նշանեան Թուրքիոյ միակ քաղաքացին է, որ դատապարտուած է նշեալ օրէնքը խախտելու մեղադրանքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Zorakselou yenk neshanianin yev oknenk.