«Billboard»ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին, թմբկահար Ճան Տոլմայեանը նոյնպէս հաստատած լուրը։ Ան նաեւ խօսած խումբին համաշխարհային շրջագայութեան մասին: Ինչպէս յայտնի է, Ապրիլ 6ին կը սկսի խումբին «Wake Up The Souls Tour» համերգային շրջագայութիւնը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Խումբը ելոյթներ պիտի ունենայ Ամերիկայի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի եւ Երեւանի մէջ: Այս վերջին համերգը պիտի կայանայ Ապրիլ 23ին, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, որուն կարելի պիտի ըլլայ համացանցով հետեւիլ աշխարհի որեւէ անկիւնէն:
«Ես շատ ոգեւորուած եմ, քանի որ վերջին համերգը պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ: Որպէս հայ եւ որպէս երաժիշտ, այս իրողութիւնը շատ խորհրդանշական է ինծի համար: «Wake Up The Souls Tour»ը աւելի կարեւոր է, քան նոր ալպոմը: Մեր համերգային շրջագայութիւնը աւելին է, քան յարգանքի տուրք՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին», յայտարարըց Տոլմայեան:
«System of a Down»ի մենակատար Սերժ Թանքեան կ՛ըսէ. «Կարեւոր է գիտնալ, որ այժմ նոյնպէս ցեղասպանութիւններ կը կատարուին, սակայն նման գործողութիւնները ճանաչելու եւ ցեղասպանութիւն որակելու համար միջազգային համաձայնագիր չկայ: Չկայ փաստաթուղթ մը, որ կը յստակացնէ, թէ երբ ցեղասպանութիւն կը կատարուի: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է քայլեր ձեռնարկէ, պատժէ, եւայլն: Հարկաւոր է ոչ միայն խօսիլ, թէ ինչ կը կատարուի, այլ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկել»:
Տոլմայեան, իր կարգին, կը յայտնէ. «Կը փափաքէինք նաեւ ելոյթ ունենալ Թուրքիոյ մէջ, բայց կազմակերպչական խնդիրներու պատճառով այդ մէկը կարելի չեղաւ: Մեր այս համաշխարհային շրջագայութիւնը նուիրուած է Ցեղասպանութեան, բայց չենք պատրաստուիր կառչած մնալ միայն այդ նիւթին, չենք ուզեր այդ նիւթով յոգնեցնել մեր ունկնդիրները: Աւելացնեմ, որ մենք նաեւ պատրաստած ենք Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմեր, զորս պիտի ներկայացնենք համերգներուն ընթացքին: Սակայն անոնք, որոնք պիտի գան միայն մեր երաժշտութիւնը լսելու եւ վայելելու ու հեռու են քաղաքական հասկացութիւններէ, նոյնպէս կրնան հաճելի ժամանակ անցընել մեր համերգներուն ընթացքին», նշած է թմբկահարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Bravo, deghak, Asdvaz hedernit. Hachoghoutin maghtankner..