
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2 Ապրիլի կառավարութեան նիստին տեղական կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան ներկայացուցած է Արամ Յարութիւնեանը Կոտայքի մարզպետի պաշտօնէն զերծ կացուցելու որոշումը, զոր կառավարութիւնը հաստատած է։
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան շեշտած է, որ Արամ Յարութիւնեան պիտի անցնի այլ աշխատանքի:
Կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան դիտել տուած է, որ օրակարգի մէկ այլ որոշման համաձայն՝ Կարապետ Գուլոյեանը (Գագիկ Ծառուկեանի փեսան) կը նշանակուի Կոտայքի մարզպետ։