
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Պռոշեանի գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի սպանութենէն անցած է երկու տարի:
Անոր յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին հերոսին հարազատները, մարտական ընկերներն ու կուսակիցները:
«Ընկեր Հրաչի զոհուելը պէտք է մեզ համար դաստիարակչական լինի, ինչպէս որ նրա ապրած կեանքը: Ընկեր Հրաչն այն քիչ տիպարներից է, ովքեր գիտեն հարկ եղած ժամանակ մարտի դաշտ գնալ, հայրենիքին նուիրուել այնպէս, ինչպէս կը նուիրուէր մարտի դաշտում», յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան:
«Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան դիտել տուած է, որ ընկեր Հրաչին սպանութեան բացայայտումը ի սկզբանէ սխալ ուղղութեամբ տարուած է: «Այն փաստը, որ մինչեւ հիմա չի բացայայտուել, վկայում է այն մասին, որ ճիշդ ուղղութեամբ չեն գնացել: Նախկինում նրա նկատմամբ եղել է մահափորձ, այդ ուղղութեամբ քննութիւն չի տարուել: Անհրաժեշտ է անցեալի դէպքերը եւս ուսումնասիրել», ըսած է Մանոյեան:
Հրաչ Մուրադեանի մարտական ընկեր Ռաֆիկ Ղազինեան իր ելոյթին ընթացքին նոյնպէս խորհուրդ տուած է ուսումնասիրել անցեալը: «Քննէք ընտրութիւնների ընթացքը եւ կը գտնէք այն ճիւաղին՝ թուրքին, ով սպանեց Հրաչին աշխատավայրի դիմաց», նշած է ան։