Մայիս 3ին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւնները վեցերորդն են նորանկախ Արցախի պատմութեան մէջ: Ուաշինկթընի մօտ ԼՂՀ ներկայացուցիչը վերջերս Պորկասին առաջադրած էր այս առաքելութիւնը։ Ընտրութիւններուն հետեւելու հրաւէր ուղարկուած է նաեւ ամերիկացի երկու այլ պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Մեքսիքայէն, Արժանթինէն եւ Քանատայէն քանի մը այլ պաշտօնատարներու:
Ամերիկացի պաշտօնատարը ըսած է, թէ իր դիտորդական այցը հպարտութիւն պիտի պատճառէ Ֆրեզնոյի հայերուն, նշելով, որ ընտրութիւնները »ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի պետութեան ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան ամրապնդման«:
»Գալիք ընտրութիւնները մեզ համար եւս մէկ հնարաւորութիւն են վերահաստատելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի հաւատարմութիւնը համամարդկային ազատութիւնների նկատմամբ, որի համար էլ մեծ կարեւորութիւն է տրւում ընտրութիւնների դիտարկման միջազգային առաքելութեանը«, Պորկասի յղուած նամակին մէջ նշած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
Յիշեցնենք, որ Ֆրեզնօ գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը 2013ի Ապրիլ 23ին վաւերացուցած էր վերահսկիչ Անտրէաս Պորկասի հովանաւորութիւնը վայելող բանաձեւ մը՝ պաշտօնապէս ճանչնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ու հանդիսանալով Քալիֆորնիա նահանգի առաջին գաւառը, որ Արցախի անկախութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ: Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէր Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմիններուն, որ նմանապէս ճանչնան Արցախի անկախութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.