ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, Մարտ 26ը Արեւմտեան Թեմիս համար եղաւ իւրայատուկ եւ նշանակալից օր մը։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը միացեալ հաւաքի մը ներկայ եղան Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ՝ որպէս մէկ Աստուծոյ զաւակներ եւ նոյն ազգի ծառայող հոգեւորականներ։ Եզակի, տպաւորիչ եւ եղբայրական սիրոյ մթնոլորտով լի այս հաւաքը սկիզբը դրաւ նոր աւանդութեան մը։
Ողջունելէ ետք Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւները, սրբազանը ամփոփ կերպով պարզեց Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի յուզումնալից ու քաղցրաբոյր ժամակարգութիւնը, որմէ ետք հաւաքաբար աղօթքներու ընթերցումով ու շարականներու երգեցողութեամբ, ներկայ հոգեւորականները մասնակից եղան Արեւագալի ժամերգութեան։
Ժամերգութեան աւարտին, հոգեւոր ապրումներով լի ի մի խմբուած հոգեւորականները նկարուեցան, առաջին այս հանդիպման առթիւ։
Ապա, «Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան հիւրընկալութեամբ։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, յանուն սրբազան հօր եւ թեմի հոգեւորականաց դասուն, անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց ներկայ բոլոր հովիւներուն։ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւներուն կողմէ խօսք առաւ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, որ Աստուծոյ փառք տալով, շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, այսպիսի հանդիպում մը կարելի դարձնելուն եւ հոգեւոր միութիւնը զօրացնելու իր ճիգերուն համար։ Այնուհետեւ, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, իւրաքանչիւր հովիւ ինքզինք ներկայացուց կենսագրական հակիրճ կէտերով, նաեւ յիշելով ծառայած եկեղեցին, գաղութն ու ծառայութեան տարիները, վկայելով առաջնորդին եւ թեմի հոգեւոր դասուն գնահատելի զօրակցութեան եւ գործակցութեան ոգիին մասին։
Ճաշի աւարտին, առաջնորդը գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ, որ ծառայակիցներ իրարու քով բերելով, աւելի եւս կը զօրացնէ Իր եկեղեցին։ Սրբազանը յայտնեց, թէ երկու եկեղեցիներու հովիւներու այս առաջին հանդիպումը այսուհետեւ ամէն տարի պիտի կատարուի եւ աւանդութեան պիտի վերածուի։ Անդրադառնալով Ապրիլ ամսուան ընթացքին Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու հաւաքական սրբադասման մեր եկեղեցւոյ որոշումին, ան յայտնեց, թէ «այլեւս անոնց բարեխօսութեամբ եւ զօրակցութեամբ պիտի շարունակենք մեր երթը դէպի արդարութիւն»։
Սրբազան հօր խօսքի աւարտին, «Պահպանի»չ աղօթքով, «Կիլիկիա» մաղթերգով ու «Մեր Հայրենիք» քայլերգով իր աւարտին հասաւ յիշատակալից օրը։ Առաջնորդին կողմէ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն բաժնուեցան Կարօ Պետրոսեանի «Feasts of the Armenian Church and National Traditions» անգլերէն հատորէն օրինակներ եւ Ուիլեըմ Սարոյեանի խօսքէն մէջբերումով 100ամեակի առթիւ պատրաստուած յուշանուէրներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.