Ալէն Եկիկեան եւ Սօսէ Թոմասեան-Եկիկեան, որոնք Հայաստանի մէջ ինքնաշարժի արկածի մը զոհ գացած էին, երկար տարիներով եղած էին ՀԵԴի անդամներ ու կարեւոր աշխատանք տարած Հայաստանի ու Արցախի մէջ մարդասիրական աշխատանքներ իրականացնող ու Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու միտող ՀԵԴի «Երիտասարդական ջոկատներ» ծրագիրը ընդարձակելու գծով:
Այս տարի, հիմնադրամը 500ական տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ չորս մասնակիցներու:
Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացնել՝ այցելելով www.SoseandAllen.org/YouthCorps կայքէջը: Դիմումնագիրները ամբողջացնելու ժամկէտը Մայիս 1ն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.