
ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».– Աղեքսանդրիոյ եւ Ս. Մարկոսի պատրիարք Տուատրոս Բ. յայտարարած է, որ պիտի այցելէ Հայաստան՝ մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն: Ցեղասպանութիւն, որ կատարուած է թուրքին կողմէ, յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ Մայիսի սկիզբը պիտի այցելէ Եւրոպա։
Այս մասին «Հայերն Այսօր»ը տեղեկացած է Եգիպտոսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի արաբական կայքէն:
Պատրիարքը՝ եկեղեցական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Սփիւռքի մէջ ղպտիները երեք հիմնական խմբաւորումներ ունին՝ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։