Արամ Ա. վեհափառը Անթիլիասի Մայրավանքէն ժողովուրդի զաւակներուն ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին գերեզման իջեցնելով մարդիկ կարծեցին, որ կեանքի ու ճշմարտութեան լոյսը կարելի է թաղել: Քրիստոս իր յարութեամբ ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ՝ ո՛չ, կարելի չէ լոյսը գերեզմանել: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ լոյսը հոմանիշ է ճշմարտութեան, յաւիտենական կեանքի: Քրիստոս ըսաւ ես եմ լոյսը աշխարհին, այլ խօսքով՝ Քրիստոս ըսաւ, թէ վաւերական կեանքը, յաւիտենական ճշմարտութիւնը, երկնային արժէքները ուրիշ տեղ մի՛ փնտռէք: Աշխարհին հրամցուցած բոլոր «արժէք»ները ու «ճշմարտութիւն»ները փուճ են ու ժամանակաւոր. անոնք խաւարով պատուած են ու տիրապետուած եւ անոնց վախճանը խաւար է միայն: Քրիստոս խաւար գերեզման իջնելով յաղթեց խաւարին: Ուր լոյսը գոյ է, հոն խաւարը չի կրնար գոյ դառնալ: Այլ խօսքով՝ լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ: Ուր Քրիստոս կայ, հոն յաւիտենական լոյս կը ճառագայթէ: Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակն է լոյսին: Քրիստոսի յարութեամբ հզօրացած, Քրիստոսի հետեւորդները միշտ պիտի յաղթեն խաւարին, խաւարածին մտածումներուն, գործերուն ու խաւարացեալ մարդոց»:
Ապա, անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան լոյսով իր կեանքը շաղախած հայ ժողովուրդին, հայրապետը ըսաւ. «Պատմութեան խաւարին դիմաց մենք Քրիստոսի Յարութեան լոյսով պայծառակերպեցինք մեր կեանքը: Մեր թշնամիներու ջարդերուն ու հալածանքներուն դիմաց Քրիստոսի լոյսով զօրացած մենք մեր հայրենիքը պահեցինք, հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւն կատարեցինք: Հարիւր տարի առաջ խաւարային ծրագիրներով լեցուն մարդիկ փորձեցին հայ ժողովուրդը գերեզմանել. այսօր, Քրիստոսի Յարութեան լոյսով լուսաւորուած մեր ժողովուրդը գերեզմանէն դուրս է ելած եւ Քրիստոսի Յարութեամբ կը տօնախմբէ ի՛ր Յարութիւնը»:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի կացութեան եւ քննադատեց փոքրամասնութիւններու ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային վերաբերումը ծայրայեղական խմբակներու կողմէ: Ան ըսաւ. «Դարեր շարունակ քրիստոնեայ ու իսլամ կրօններու հետեւորդները միասին ապրած են փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Խումբ մը ծայրայեղականներ իրաւունք չունին պատմութեան մէջ արմատացած երկու կրօններու համակեցութիւնը ու հասարակաց արժէքներն ու աւանդութիւնները հարցականի տակ առնելու եւ վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելու շրջանէն ներս: Մեր սպասումն է, որ իսլամ պատասխանատուներ, կրօնական թէ քաղաքական, խիստ կեցուածք որդեգրեն նման շարժումներուն ու երեւոյթներուն դէմ»:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Զատկուան պատարագին ներկայ եղաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագէն ետք եւ նոյն օրը յետմիջօրէին վեհափառը շնորհաւորութիւններ ընդունեց: Նշենք, թէ այս առթիւ կաթողիկոսը շնորհաւորագրեր ստացաւ Լիբանանի պետական պատասխանատուներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ներս թէ դուրս գտնուող հոգեւոր պետերէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.