ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու հանրային ձայնասփիւռի կայանին՝ «Էն.Փի.Առ.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, նախագահ Պարաք Օպամա Ապրիլ 6ին մերժեց Իրանի հետ համաձայնութեան կնքման համար վերջինիս կողմէ Իսրայէլի ճանաչումը նախապայման ճշդել։ Ան նման պայման մը «էապէս սխալ արժեւորում» մը նկատելով, նշած է. «Ատիկա պիտի նմանի ըսելուն, թէ «համաձայնութիւն պիտի չկնքենք, մինչեւ որ իրանեան վարչակարգը իր բնոյթը ամբողջովին փոխէ»:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի նախարար Ըռնեսթ Մոնիզ յայտնեց, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը երկարատեւ համաձայնութիւն մըն է եւ տարբեր հանգրուաններէ բաղկացած: Ան Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ եթէ իրանցիք ցոյց տան, որ համաձայնութեան պայմանները կը յարգեն, ապա Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները պիտի մեղմացուին, սակայն ատիկա տեղի պիտի չունենայ, եթէ Իրանի մէջ հիւլէական բոլոր կեդրոններուն քննութեան ենթարկումը ապահովող արձանագրութիւն մը չստորագրուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.